ԾԱՌԱՏՆԿՈՒՄ` ՆԺԴԵՀ ՄԵՐՏԽԱՆԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Ուրբաթ, 21 Մարտ 2025-ին, ժամը 1։45-ին, տարրական բաժինի բակին մէջ տեղի ունեցաւ ծառատնկում՝ վաղամեռիկ ճեմարանական Նժդեհ Մերտխանեանի յիշատակին, ներկայութեամբ իր ընտանիքին, դպրոցի անձնակազմին եւ Նժդեհին դասընկերներուն՝ աւարտական դասարանին:

Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ. «Մենք այսօր հաւաքուած ենք անգամ մը եւս, որովհետեւ երկու տարի առաջ անակնկալ ձեւով Ճեմարանի մեծ ընտանիքէն բաժնուեցաւ Նժդեհ Մերտխանեանը, որ հիմա երկնային ուժի մը վերածուեցաւ բոլորիս համար: Ան թէեւ ֆիզիքապէս իր ընկերներուն հետ չէ, բայց ամէն վայրկեան Ճեմարանի մէջ է, իր ընկերներուն հետ է իրենց ուրախ թէ տխուր վայրկեաններուն: Իրենք եւս մօտ երկու ամիսէն Ճեմարանէն պիտի մեկնին, բայց վստահ, որ իրենց հետ պիտի տանին Նժդեհէն բաժին մը: Ծառատնկումի այս նախաձեռնութեամբ մենք պիտի յաւերժացնենք Նժդեհին յիշատակը»:

Ապա Նժդեհին դասընկերներէն վահագն Հաշէօլեան ընթերցեց Նժդեհին շարադրութիւնը ընկերութեան մասին (գրուած 15 Մարտ, 2023-ին) եւ ըսաւ, որ այս գրութիւնը լաւագոյնս կը ներկայացնէ Նժդեհը, իր մտածելակերպը եւ մարդկային բարձր արժէքները:

Այնուհետեւ խօսք առաւ Ճեմարանի ընկերային ծառայողներէն Սիլվա Սողոմոնեան եւ ըսաւ. «Սիրելի՛ Նժդեհ, այսօր հոս ենք, որովհետեւ կ’ուզենք դիմաւորել գարունը քեզի հետ: Գարուն հասակիդ հեռացար մեզմէ ու մեր մտքերուն մէջ դուն այդպէս կը մնաս: Մենք հոս ենք յիշելու քեզ, ըլլալու քու հետդ եւ ըսելու բոլորին, որ դուն որքան լաւ էիր, խելացի, խորունկ եւ հետաքրքրական: Անձ մըն էիր, որ կը հաւատար մեծ երազներու, ու այդ սէրը կը փոխանցէիր մեզի աչքերուդ փայլքով ու կողմնակի սրամիտ ժպիտովդ: Մենք հոս ենք, որովհետեւ քու հոգիիդ խորհուրդը մեզ կը ստիպէ ըլլալ համեստ ու ազնուական. մեզ կը ստիպէ այսօր յարգել քու յիշատակդ, որ բոլորիս մէջ հետք մը ձգած է անպայման: Մենք հոս ենք, որովհետեւ կ’ուզենք զգալ քու տաքուկ ու ջերմ հոգիդ, որ պարուրած է բոլորս այսօր: Մենք հոս ենք, որովհետեւ կ’ուզենք ցանել այս ծառը հոս՝ Ճեմարանի բակին մէջ, ուր քու մանկութիւնդ թիթեռի մը պէս գեղեցիկ ու արագ անցաւ: Պիտի ցանենք այս ծառը հոս ու պիտի կոչենք զայն քու անունովդ: Անոր արմատները պիտի հիւսուին քու յիշատակներուդ հետ ու հեքիաթներ պիտի պատմեն գալիք աշակերտներուն: Մենք հոս ենք, որովհետեւ կը հաւատանք, որ օր մը այս ծառը պիտի մեծնայ ու իր տերեւները պիտի սփռէ անոնց վրայ, որոնք պէտք ունին շուքի ու հանգիստի: Մենք հոս ենք, որովհետեւ քու դասընկեր-դասընկերուհիներդ ենք, ուսուցիչներդ ենք, ծնողքդ ենք: Բոլորս քու փոքր եւ մեծ ընտանիքդ ենք: Մենք հոս ենք, որովհետեւ շատ կը սիրէինք քեզ ու կ’ուզենք յիշատակդ միշտ վառ պահել մեր մէջ: Այս ծառը խորհրդանիշն է մեր սիրոյ եւ քու յիշատակիդ: Բանաստեղծը կ’ըսէ.

Յիշատակովդ, այս գիշեր, կը զգամ այնչա՛փ զիս հարուստ,

Այնչափ բարի, երջանիկ… որ գթութեամբ մը անհուն՝

Կը մտածեմ զայն բաժնել երկրի բոլոր խեղճերուն»:

Նժդեհին ընտանիքին կողմէ այս առիթով սրտի խօսք փոխանցեց հայրը՝ Ռաֆֆի Մերտխանեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց համազգայինի ու Ճեմարանի մեծ ընտանիքին այս նախաձեռնութեան համար, ինչպէս նաեւ՝ իրենց ընտանիքին ցուցաբերուած ամբողջական նեցուկին համար:

Ծառատնկումի ձեռնարկը աւարտեցաւ Նժդեհին ծնողներուն կողմէ կատարուած հիւրասիրութեամբ: