ԽՄԲԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

Ուրբաթ օրուան խմբական աշխատանքները իւրայատուկ տեղ կը գրաւեն մեր սրտերուն մէջ:
Դ. դասարանի աշակերտներս, անհամբեր կը սպասենք այդ դասապահուն. ընկերասիրութիւնը, օգնութիւնը, հանդուրժողականութիւնը շատ լաւ հասկցած ենք:
Աշխատանքը յաջողութեամբ աւարտելու համար միասին կը գործակցինք, միասին կը մտածենք, միասին կը քննարկենք եւ վերջապէս միասին կ’որոշենք պատասխանը:
Ի՞նչպէս չսիրենք մեր մայրենին, երբ մենք այսքան անմոռանալի ու հաճելի պահեր կ’անցընենք: