«ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ» ՄՐՑԱՆՔՆԵՐՈՒ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան» Հիմնադրամի եւ Կրթական-Հայագիտական Բաժանմունքի կազմակերպած Հայ Լեզուի ու Գրականութեան, Հայոց Պատմութեան, Մշակոյթի ու Կրօնագիտական նիւթերու եւ Ասմունքի մրցանքներու մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 15 Մայիս 2016-ի կէսօրին:

Ստորեւ Ճեմարանի մրցանակակիր աշակերտներուն անունները.

Երկրորդական բաժինի «Հայ լեզուի եւ գրականութեան» մրցանք.-  Սերուժեան Նարօտ՝ երկրորդ, Յովսէփեան Սերուժ ՝ երրորդ

Երկրորդական բաժինի «Հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի եւ կրօնի» մրցանք.-  

Խաչատուրեան Արենի՝ առաջին

Միջնակարգի «Հայ լեզուի եւ գրականութեան» մրցանք.- Պաքալեան Վանա՝ առաջին յիշատակութեան արժանի

 Միջնակարգի ասմունքի մրցանք.- Զարմէնեան Սարին՝ երկրորդ յիշատակութեան արժանի