«ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի, 2 Յունիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, հովանաւորութեամբ ու նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի, կաթողիկոսարանի «Կիւլպէնկեան» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամին անունով կազմակերպուող այս տարուան մրցումներուն մրցանակաբաշխութեան հանդիսութիւնը: Երկրորդական բաժինի հայ լեզուի ու գրականութեան առաջին մրցանակը շահեցաւ աւարտական դասարանէն Անի Առաքելեան։ Նոյն ծիրէն ներս միջնակարգի Թ. դասարանէն Սէրուժ Հանտեան հանդիսացաւ երրորդ, իսկ Նարէ Աղասարգիսեան արժանացաւ յատուկ յիշատակութեան։ Ասմունքի մրցանքին միջնակարգի Է. դասարանէն Սագօ Եագուպեան հանդիսացաւ առաջին, իսկ երկրորդական բաժինէն Շանթ Պաղտասարեան՝ երրորդ, Նժդեհ Մկրտիչեան արժանացաւ յատուկ յիշատակութեան։ Մրցանակաբաշխութենէն ետք, եզրափակելով հանդիսութիւնը, վեհափառը գնահատեց բոլոր մասնակիցները, անոնց ուսուցիչները եւ ծնողները, որոնք մղիչ ուժը հանդիսացած էին այս արդիւնքին: