«ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ» ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔՆԵՐՈՒ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կազմակերպած «Խաչիկ Պապիկեան» աշակերտական մրցանքներուն մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 6 Յուլիս 2014-ին, յաւարտ Ս. Պատարագի, Կաթողիկոսարանի Վեհարանի դահլիճին մէջ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Բախտաւորներու ցանկին մէջ են Ճեմարանը ներկայացնող հետեւեալ աշակերտները՝ Աւետիս Հայկ, Գարտաշեան Լէթիսիա, Թաշճեան Յակոբ, Ճենանեան Վանայ, Յովսէփեան Սէրուժ, Պասմաճեան Մանէ, Սէրուժեան Նարօտ, Փափազեան Գուրգէն, Փելթէքեան Մհեր, Ֆերմանեան Ռիթա: Մրցանակաբաշխութեան հրաւիրուած են ծնողներն ու ուսուցիչները: Բախտաւոր աշակերտները պարտին յիշեալ օրը առաւօտեան ժամը 11-ին ներկայ ըլլալ Կաթողիկոսարան: