«ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ» ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔՆԵՐՈՒ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

«Խաչիկ Պապիկեան» միջ-դպրոցական մրցանքներու մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւԿիրակի, 2 Յունիս 2019-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, վեհարանի դահլիճին մէջ:

Ճեմարանի մրցանակակիր աշակերտներն են.

Մանուկեան Վառակ-Նարեկ՝ երկրորդ, Գափլանեան Մարիա՝ երրորդ (միջնակարգի հայ լեզուի եւ գրականութեան մրցանք)

Գիլէճեան Գալին՝ առաջին յիշատակութեան արժանի, Ժալըֆեան Կլօրիա-Մարիա՝ երկրորդ յիշատակութեան արժանի (միջնակարգի հայկական տպագրութեան եւ մամուլի, հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի եւ կրօնագիտական նիւթերու մրցանք)                       

Լախեան Հրակ՝ երկրորդ յիշատակութեան արժանի (միջնակարգի ասմունքի մրցանք):