«Խաչիկ Պապիկեան» աշակերտական մրցանքներու մրցանակաբաշխութիւն

«Խաչիկ Պապիկեան» միջ-դպրոցական մրցանքներու մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւԿիրակի, 6 Յուլիս 2014-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, վեհարանի դահլիճին մէջ ՝ ներկայութեամբ Խաչիկ Պապիկեանի դուստրերուն, դատակազմերու անդամներու, տնօրէններու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ մեծ թիւով աշակերտ-աշակերտուհիներու։ Ճեմարանի մրցանակակիր աշակերտներն են. Աւետիս Հայկ՝ երկրորդ, Փելթէքեան Մհեր՝ երրորդ (միջնակարգի հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի եւ կրօնի մրցանք) Սէրուժեան Նարօտ՝ առաջին, Պասմաճեան Մանէ՝ յիշատակութեան արժանի (միջնակարգի հայերէն լեզուի եւ գրականութեան մրցանք) Յովսէփեան Սէրուժ՝ երկրորդ, Թաշճեան Յակոբ՝ յիշատակութեան արժանի (միջնակարգի մենակատարութեան մրցանք) Ֆերմանեան Ռիթա՝ առաջին, Ճենանեան Վանայ՝ յիշատակութեան արժանի (երկրորդականի հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի եւ կրօնի մրցանք) Փափազեան Գուրգէն՝ երկրորդ, Գարտաշեան Լէթիսիա՝ յիշատակութեան արժանի (երկրորդականի մենակատարութեան մրցանք)