ԽԱՂԱՆՔ ՆՈՐԱՐԱՐ ԳՈՐԾԻՔՆԵՐՈՎ

Կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, Ուրբաթ, 24 Մարտ 2023-ին, Համազգայինի մանկավարժական արդիական ծրագիրներու պատասխանատու Արին Գալուստեան, տարրական բաժինի Գ. դասարանի աշակերտներուն բացատրութիւններ տուաւ խաղի անհրաժեշտութեան եւ խաղերու տեսակներուն մասին. ի՞նչ է խաղը, ի՞նչպէս յառաջացած է…։ Ապա ան անդրադարձաւ համակարգչային խաղերուն եւ վերջապէս ծանօթացուց Համազգայինի Լալան ու Արան մանկական խաղերու շարքը։

Աշակերտները ուրախութեամբ եւ մեծ հետաքրքրութեամբ մտիկ ըրին եւ ուղղեցին լուսաբանական հարցումներ։