ԽԱՂԱՆՔ ՆՈՐԱՐԱՐ ԳՈՐԾԻՔՆԵՐՈՎ

Ընկերային կազմաւորման ծրագրի ծիրէն ներս, կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակին, Չորեքշաբթի, 26 Փետրուար 2025-ին, Համազգայինի մանկավարժական արդիական ծրագիրներու պատասխանատու Արին Գալուստեան տարրական բաժինի Գ. դասարանի աշակերտներուն բացատրութիւններ տուաւ կեդրոնացումի եւ ընդհանուր զարգացման համար խաղի անհրաժեշտութեան եւ խաղերու տեսակներուն մասին: Ապա ան անդրադարձաւ համակարգչային խաղերուն եւ վերջապէս անոնց ծանօթացուց Համազգայինի Լալան ու Արան մանկական խաղերու շարքը։ Ան խօսեցաւ այս խաղերուն հայեցի դիմագիծին մասին, որ չափազանց կարեւոր է պայքարելու «օտար ու ժանտ հովերուն» դէմ:

Աշակերտները ուրախութեամբ եւ մեծ հետաքրքրութեամբ մտիկ ըրին եւ ուղղեցին լուսաբանական հարցումներ։