Երկուշաբթի, 27 Մարտ 2017-ին, Ճեմարան այցելեց քառօրեայ պատերազմի նահատակ Նորայր Հաջեանի հայրը` լրագրող-հրապարակախօս Միքայէլ Հաջեանը:
Հաջեան հանդիպում ունեցաւ Ճեմարանի տնօրէնութեան, ապա երկրորդական բաժինի 11-րդ եւ 12-րդ դասարաններու աշակերտութեան հետ:
Քրիստ Բրուտեանի բացման խօսքէն ետք, խօսք առաւ Միքայէլ Հաջեան եւ բարձր գնահատեց հայեցի դաստիարակութեան համար ի գործ դրուող ջանքերը դպրոցէն ներս: Յիշելով խորհրդային իշխանութեան օրերուն, իրենց բնակավայր գիւղին եկեղեցիէ զուրկ ըլլալը, ան ըսաւ աշակերտներուն, որ բախտաւոր են առաջին օրէն իսկ եկեղեցի, դպրոց եւ ակումբ հիմնած համայնքի մը զաւակները ըլլալնուն: Ապա անդրադառնալով Թալիշ գիւղի պաշտպանութեան մարտերուն ընթացքին նահատակուած իր զաւակին՝ Նորայրին եւ անոր ընկերներուն, ան ըսաւ որ հպարտ է բոլոր ազատամարտիկներուն անձնուիրութեամբ եւ իւրաքանչիւր ազամարտիկ, որ զէնքը ձեռքին հայրենիքը կը պաշտպանէ՝ իր զաւակը կը նկատէ:
Միքայէլ Հաջեան յորդորեց աշակերտները, որ անպայման հետեւին բարձրագոյն կրթութեան, որպէսզի իրենց կարգին ներդրում ունենան հայրենիքի բարգաւաճման ու պաշտպանութեան մէջ: