ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ԳՐՈՂ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ ՆԱԺԺԱՐ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 21 Մարտ 2018-ին Ճեմարան այցելեց լիբանանցի գրող Ալեքսանտր Նաժժար, որ հեղինակ է 30-է աւելի գիրքերու:  Նաժժար նախ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին հետ, ապա երկու պահ հաճելի զրոյց մը տեղի ունեցաւ երկրորդական բաժինի աշակերտութեան հետ:

Ան ներկայացուց իր կեանքի տարբեր հանգրուանները եւ իւրաքանչիւր ժամանակաշրջանի իրադարձութիւններու ազդեցութիւնը իր գրականութեան վրայ: Նաժժար բարձր գնահատեց աշակերտներուն ընթերցասիրութիւնը, որ նկատելի էր անոնց ուղղած հարցումներուն ընդմէջէն: Ան թելադրեց, որ աշակերտները ըլլան նպատակասլաց եւ արկածախնդիր,  որպէսզի հասնին իրենց նպատակին:

Երկրորդ այցելութեան մը խոստումով աւարտեցաւ գրական հանդիպումը: