ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՃԱՏՐԱԿԻ ՏԱՐԻՔԱՅԻՆ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, Ուրբաթ 15 Ապրիլէն Կիրակի 17 Ապրիլ 2016-ի շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լիբանանի ճատրակի տարիքային ախոյեանութիւնը Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի մէջ, ներկայութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղարին եւ նախագահին, ինչպէս նաեւ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան ճատրակի ներկայացուցիչին:

Ամբողջ Լիբանանի տարածքէն ժամանած 136 մարզիկներու մասնակցութեամբ, մրցումները ընթացան հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին լիազօրած իրաւարարներուն: Տարեկան դրութեամբ կազմակերպուող  Լիբանանի ճատրակի տարիքային ախոյեանութիւնը առաջին անգամ ըլլալով կը կազմակերպուէր Ճեմարանի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ճատրակի յանձնախումբի առաջարկով:

Այս առիթով Ճեմարանի տնօրէնութիւնը սիրայօժար տրամադրած էր իր կառոյցը հիւրընկալելու մարզիկներն ու անոնց ընտանեկան պարագաները, որոնք երկար ժամեր անցուցին Ճեմարանի յարկէն ներս: Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ճատրակի յանձնախումբին հետ գործակցաբար Ճեմարան նաեւ ստեղծած էր յարմարաւէտ պայմաններ մարզիկներու ծնողներուն, որոնց համար յատուկ պաստառ մը զետեղուած էր մրցումներու սրահէն դուրս, ուր անոնք կրցան հետեւիլ մրցումներու ընթացքին: Երկար ժամեր տեւող մրցումներուն ընթացքին Ճեմարանի կողմէ կատարուեցաւ նաեւ տեսակաւոր ուտեստեղէնի վաճառք եւ սպասարկութիւն:

Կիրակի 17 Ապրիլի երեկոյեան տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: Ճեմարանի մրցանակակիր աշակերտներն են.

-Ծատուրեան Հրակ՝ երրորդ (8 տարեկանէն վար)

-Թեմպէլեան Ալիք՝ երկրորդ (10 տարեկանէն վար)

-Լախեան Հրակ՝ երրորդ (12 տարեկանէն վար)