ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ ԵՒ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Հինգշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2024-ին, առաջին զբօսանքի աւարտին, Ճեմարանի աշակերտներն ու ուսուցիչները հաւաքուեցան «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ Լիբանանի անկախութեան տօնի նշում եւ 2024-2025 տարեշրջանի պաշտօնական վերամուտի հաւաք:

Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան նախ շնորհաւորեց Լիբանանի անկախութեան տօնը, մաղթելով որ շուտով խաղաղութիւն հաստատուի եւ բոլոր գաղթական աշակերտները նոյնպէս վերադառնան իրենց դպրոցական բնականոն առօրեային: Ան ըսաւ, որ այս տարեշրջանի վերամուտի պաշտօնական հաւաքը թէեւ ուշացաւ կամքէ անկախ յայտնի պատճառներով, այսուհանդերձ մենք պիտի աշխատինք աւելի մեծ եռանդով Ճեմարանի 95-ամեակին ընդառաջ, որուն նշումը պիտի կատարուի հանդիսաւորապէս եւ զանազան ձեռնարկներով ամբողջ տարեշրջանին ընթացքին: Տնօրէնուհին ողջունեց տարրական բաժինի Ա. դասարանի աշակերտները, որոնք նոր միացած են դպրոցի մայր կառոյցին, եւ յատուկ յաջողութիւն մաղթեց պետական քննութիւններ եւ համալսարանական մուտքի քննութիւններ ունեցող աշակերտներուն: Ապա բոլորը միասին երգեցին Լիբանանի եւ Ճեմարանի քայլերգները եւ բարձրացան իրենց դասարանները:

Օրուան ընթացքին, առաջին եւ երկրորդ զբօսանքներուն, Ճեմարանի ծնողական խորհուրդին կողմէ տեղի ունեցաւ լիբանանեան ծոթրինով հացի (սաժ) հիւրասիրութիւն բոլոր աշակերտներուն: