Ուրբաթ, 18 Նոյեմբեր 2022-ին, տարրական բաժինի աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ՝ երգերով, պարերով, արտասանութեամբ եւ թատերական ներկայացումով նշեցին Լիբանանի անկախութեան տօնը։
Օրուան խորհուրդը փոխանցեց դպրոցի ծնողներէն՝ զինուորական Վարդան Նիզեան։ Ան խօսեցաւ անկախութեան մասին, շեշտելով զինուորին դերակատարութիւնը։
