ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ

Երկուշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2016-ի առաւօտեան, միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտները հաւաքուեցան իրենց բակը, ուր ԺԲ. դասարանի աշակերտները օրուան պատգամը փոխանցեցին ներկաներուն:

Նարէ Աշգարեան ջութակով նուագեց Լիբանանի քայլերգը, որմէ ետք Էլի Ապտըլ Նուր արաբերէն լեզուով ընթերցեց իր խօսքը: Ան ըսաւ, որ առանց ազատութեան հայրենիք գոյութիւն չ’ունենար եւ առանց անկախութեան ազատութիւն չ’ըլլար: Ապա արագ ակնարկով ներկայացուց 1943-ին Լիբանանի անկախութիւնը ֆրանսական լուծէն եւ կոչ ուղղեց բոլորին պայքարելու յանուն այդ անկախութեան պահպանման: Ապա Մարիա Աճէմեան հայերէն լեզուով արտասանեց իր խօսքը՝ անդրադառնալով, որ հայ ժողովուրդը իր պատմութեան ամէնէն դաժան օրերուն ապաստան գտաւ Լիբանանի մէջ, որ իր թեւերը բաց ընդունեց զինք: Հետեւաբար իւրաքանչիւր հայ պէտք է երախտապարտ ըլլայ Լիբանանին: Իր խօսքի աւարտին, ան Լիբանանին մաղթեց խաղաղութիւն եւ մշտադալարութիւն:

Աշակերտները դասարան բարձրացան լիբանանեան հայրենասիրական երգերու ունկնդրութեամբ: