ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ուրբաթ, 19 Նոյեմբեր 2010-ին, ժամը 1։30-ին, տարրական բաժինի, նախակրթարանի եւ միջնակարգի Է. դասարաններու աշակերտները նշեցին Լիբանանի անկախութեան տօնը «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս։ Լիբանանի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, յայտագիրը սկսաւ Լիբանանի անկախութեան պատմութիւնը ներկայացնող տեսերիզի ցուցադրութեամբ, որմէ ետք աշակերտները ներկայացուցին հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով երգեր ու արտասանութիւններ. Դ. դասարաններու աշակերտները արաբերէն լեզուով արտասանեցին հայրենասիրական բանաստեղծութիւն մը եւ երգեցին խաղաղութեան ու ազատութեան մասին։ Գ. դասարանի աշակերտները հայերէն, ֆրանսերէն եւ արաբերէն լեզուներով ներկայացուցին Լիբանանի նուիրուած բանաստեղծութիւններ եւ երգ մը։ Ա. դասարանի աշակերտները արտասանեցին «Սիրելի Լիբանան» եւ արաբերէն լեզուով «Երկիր Իմ Հայրենի» բանաստեղծութիւնը։ Զ. դասարանէն Արին Թաշճեան ջութակով նուագեց «Զարթի՛ր Որդեակ», իսկ Մանէ Պասմաճեան դաշնամուրով՝ «Ազգ Փառապանծ»ը, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ Լիբանանի կարեւորագոյն քաղաքներն ու շրջանները ներկայացնող տեսերիզ մը։ Բ. դասարաններու աշակերտները արաբերէնով Լիբանանի դրօշակին նուիրուած բանաստեղծութիւն մը արտասանելէ ետք, հայերէնով երգեցին «Լիբանան», ինչպէս նաեւ՝ արաբերէն լեզուով «Եկէ՛ք Վերականգնենք» երգերը։ Ե. դասարաններու աշակերտները հանդէս եկան արաբերէն լեզուով «Ինչ Սիրուն ես, Լիբանա՛ն» խմբակային արտասանութեամբ եւ «Մենք ենք յեղափոխութիւնը եւ ըմբոստութիւնը» երգով, որմէ ետք Լալէ Չափարեան արտասանեց Մ. Իշխանի «Տաղ Լիբանանի» բանաստեղծութիւնը։ Զ. դասարանի աշակերտները արաբերէն լեզուով երգ մը եւ արտասանութիւն մը ներկայացնելէ ետք, արտասանեցին Յակոբ Թաշճեանի «Իմ Սուրբ Հայրենիք»ը։ Է. դասարաններու աշակերտները արաբերէն լեզուով արտասանեցին «Հայրենիքս» բանաստեղծութիւնը եւ երգեցին «Քեզ կը սիրեմ, Լիբանա՛ն» երգը։ Լիբանանի անկախութեան տօնակատարութիւնը փակուեցաւ Ե. դասարանէն խումբ մը աշակերտներու «տապքէ» պարով։