ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 150-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ

Լեւոն Շանթի ծննդեան 150-ամեակին առիթով, Հինգշաբթի, 30 Մայիս 2019-ին, Տարրականի Գ. դասարանի աշակերտները հայերէնի դասապահուն կատարեցին դասարանային աշխատանք մը:

Անոնք նախ ծանօթացան Լեւոն Շանթի կենսագրականին ու գործունէութեան, որմէ ետք կարդացին անոր խօսքերէն քանի մը հատը: Տիկին Մարինային օժանդակութեամբ, աշակերտները Շանթին խօսքերով զարդարեցին դասարանին ցուցատախտակը: Աշխատանքին աւարտին, աշակերտներէն իւրաքանչիւրը Լեւոն Շանթի դիմանկարին պատկերով «Puzzle» մը ամբողջացուց: