ԼԵՎԱՄ – ՄԻՆԻ ՊԱՍՔԷԹ

Շաբաթ, 15 Դեկտեմբեր 2018-ին, Ազգային Միացեալ Վարժարանի (Պուրճ Համուտ) մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ԼԵՎԱՄ-ի մինի պասքէթի մրցաշարքը՝ մասնակցութեամբ 5 վարժարաններու:

Մրցումները շարունակուեցան Շաբաթ, 22 Դեկտեմբերին, «Աղբալեան» ակումբի մարզադաշտին վրայ: 

Նշենք, որ մրցումներուն մասնակից բոլոր աշակերտները ստացան մետալներ: Բայց եւ այնպէս, Ճեմարանի աշակերտները արձանագրեցին տպաւորիչ յաղթանակներ: Ստորեւ կը ներկայացնենք Ճեմարանի արդիւնքները.

Աղջիկներ

Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան 0-24 Ճեմարան
Ճեմարան 30-0 Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճ
Ճեմարան 24-2 Ազգային Միացեալ Վարժարան

Տղաք
Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան 2-30 Ճեմարան
Ճեմարան 24-12 Մխիթարեան Վարժարան
Ճեմարան 46-10 Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճ
Ճեմարան 46-4 Ազգային Միացեալ Վարժարան

Ընդհանուր դասաւորում

Աղջիկներ
1. ՃԵՄԱՐԱՆ 
2. Ազգային Միացեալ Վարժարան 
3. Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան
4. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճ

Տղաք
1. ՃԵՄԱՐԱՆ
2. Մխիթարեան Վարժարան
3. Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան
4. Ազգային Միացեալ Վարժարան 
5. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճ