Կիրակի, 26 Մայիս 2024-ին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մայիսեան փառատօնին Ճեմարանի աշակերտները իրենց բաժակներով եւ մետալներով մեծաթիւ մասնակցութեամբ տողանցեցին:
Փառատօնին ընթացքին տեղի ունեցաւ ԼԵՎԱՄ-ի 2023-24 տարեշրջանի վահանի տուչութիւնը` Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանին: Ուրախութեամբ կը յայտնենք նաեւ, որ Ալեքքօ Պէզիքեանի նուիրուած լաւագոյն մարզիկի մրցանակը շահեցաւ Վեհ Քրիստ Հարպոյեան, իսկ Անի Պեզիքեանի յիշատակին նուիրուած լաւագոյն մարզիկուհիի մրցանակը շահեցաւ Լորէն Ճերմակեան: