ԼԵՎԱՄԻ ՄԻՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԽԱՂԸ ՆԺԴԵՀ ՄԵՐՏԽԱՆԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Շաբաթ, 8 Ապրիլ 2023-ին, Հ.Մ.Ը.Մ ԼԵՎԱՄի մինի ֆութպոլի 15+ տարիքային մրցաշարքի ընթացքին, Ճեմարան – Հարպոյեան վարժարաններու խաղէն առաջ, աշակերտները յոտնկայս յարգանք մատուցեցին իրենց ընկերոջ՝ Նժդեհ Մերտխանեանի յիշատակին, իր ծնողքին եւ ուսուցչական կազմին ներկայութեամբ։

6-1 արդիւնքով Ճեմարանի խումբը յաղթեց եւ հասաւ կիսաւարտական հանգրուան:

Խաղի աւարտին, լաւագոյն մարզիկ հանդիսացաւ Ճեմարանական Կարօ Քէօշկէրեան:

Վաղը՝ 12 Ապրիլին, յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Ճեմարան-Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան խաղը: