ԼԵՌՆԱԳՆԱՑ ԱՐԱ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 14 Նոյեմբեր 2016-ին Ճեմարան այցելեց ֆրանսահայ լեռնագնաց Արա Խաչատուրեան, որ այս տարուան Մայիսին բարձրացած էր Էվերեսթի գագաթը (8848 մ.) եւ իր նուաճումը նուիրած հայ ժողովուրդին:

Տնօրէնութեան կողմէ հիւրընկալուելէ ետք, Արա Խաչատուրեան «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ Զ.էն ԺԲ. դասարաններու աշակերտներուն տեսերիզի ցուցադրութեամբ ներկայացուց իր իրագործումը: Միաժամանակ ան բացատրութիւններ տուաւ լեռնագնացութեան մասին եւ շեշտեց, որ իր նպատակը սոսկ բարձունքներ յաղթահարել չէ, այլեւ այդպիսի նախաձեռնութիւններով միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը Հայաստանի ու հայութեան վրայ սեւեռելը: Ան կոչ ըրած է համայն աշխարհի մարդկութեան ճանչնալ ու դատապարտել 1915-ին oսմանեան կայսրութեան կողմէ գործուած Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Ներկայացման աւարտին Արա Խաչատուրեան պատասխանեց աշակերտներուն բոլոր հարցումներուն: Ան ըսաւ, որ յաջորդ ծրագիրն է վազքի իր անհատական մարաթոնը իրականացնել` Ֆրանսայէն վազելով հասնիլ Հայաստան: Ան թելադրեց աշակերտներուն որեւէ նախաձեռնութեան պարագային չյուսահատիլ եւ շարունակել մինչեւ նուաճում: