ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ – Ո՞Վ Է ՀԱՅԸ

Կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, Հինգշաբթի, 23 Մարտ 2023-ին, երկրորդական բաժինի Ժ. դասարանի աշակերտները մասնակցեցան «Ո՞վ է հայը» նիւթով բանախօսութիւն-զրոյցի մը, զոր վարեց պրն. Եսայի Հաւաթեան:

Դասախօսը հետաքրքրական դրուագներ պատմելով ու զանազան հարցադրումներով աշակերտները մղեց արտայայտուելու եւ իրենց տեսակէտը յայտնելու ինքնութեան մասին: