Կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, Երկուշաբթի 20 Յունուար 2025-ին, Ճեմարանի ընկերային ծառայողներէն Սիլվա Սողոմոնեան նախակրթարանի Զ. դասարանի աշակերտներուն հետ արծարծեց կեանքի հմտութիւններ եւ ընկերային կազմաւորման ծրագրի նիւթերէն «ինքնահամարում»ը (self-esteem):
Աշակերտները խանդավառութեամբ մասնակցեցան զրոյցին, միաժամանակ անհրաժեշտ գիտելիքներ ստացան նիւթին մասին: