Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Հինգշաբթի, 29 Մայիս 2025-ին, «Զուարթնոց» Կեդրոնի տնօրէն, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Ժ. դասարանի աշակերտներուն հետ արծարծեց «Ի՞նչպէս լաւ քաղաքացի ըլլալ» նիւթը:
Սկսելով «հայրենիք» հասկացողութենէն, ան խօսեցաւ երկրի մը պատկանելու, քաղաքացի ըլլալու տուեալներուն մասին, Լիբանանի պետական համակարգին եւ իբրեւ քաղաքացի իւրաքանչիւր անհատի իրաւունքներուն, պարտաւորութիւններուն եւ պարտականութիւններուն մասին:
