Ժ. ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ՝ ՏԻԵԶԵՐԱԳՆԱՑՆԵՐՈՒ ԴԵՐՈՎ

Ուրբաթ, 2 Հոկտեմբեր 2026-ին, Երկրորդական բաժինի Ժ. դասարանի աշակերտները մասնակցեցան Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան հովանաւորած «Be an Astronaut» խորագիրով աշխատանոցին։ Փոխներգործօն առաքելութիւններու, գիտական փորձարկումներու եւ խմբային մարտահրաւէրներու միջոցաւ անոնք բացայայտեցին տիեզերքի հրապուրիչ աշխարհը։
Աշակերտներուն համար այս աշխատանքը գեղեցիկ փորձառութիւն մըն էր, որ զարգացուց անոնց գիտական հետաքրքրասիրութիւնն ու համագործակցութեան ոգին: