ԺԲ. ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի, 1 Յուլիս 2021-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան    Ճեմարանի բացօթեայ խաղավայրին մէջ  տեղի ունեցաւ 2019-2020 տարեշրջանի ԺԲ. Աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը, փոքրաթիւ ներկայութեամբ՝ ծնողներուն, անձնակազմին, տնօրէնութեան, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան եւ Ճեմարանի խնամակալութեան ներկայացուցիչներուն:

Հանդէսը սկսաւ շրջանաւարտներու հանդիսաւոր մուտքով, ապա Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք Շահան Հաւաթեան ընթերցեց իր «Վերջին Զանգ» գրութիւնը, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ շրջանաւարտներուն պատրաստած տեսերիզը՝ դպրոցական յիշատակելի նկարներով եւ իրենց սրտի խօսքերով: Կարօտ Հանեշեանի «Բարով Մնաք»-ի խօսքէն ետք, Կայէլ Գրիգորեան ասմունքեց իր գրած բանաստեղծութիւնը՝ «Հրաժեշտի ժամը»:

Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան բեմ բարձրացաւ մրցանակաբաշխութեան համար։ Ռուբէն Խաչատուրեան, կայէլ Գրիգորեան եւ Ռոյ Ճիզմէճեան ստացան Աւարտական դասարանի գնահատելի աշխատանք եւ արդիւնքներ ապահովողի «Մարք Արտալճեան» մրցանակը: Ռուբէն Խաչատուրեան արժանացաւ Աւարտական դասարանի ուսողութեան լաւագոյն աշխատանք եւ արդիւնքներ ապահովողի «Զաւէն Գույումճեան» մրցանակին: Աւարտական դասարանի գիտական նիւթերու լաւագոյն աշխատանք եւ արդիւնքներ ապահովողի «Կարօ Գաբլանեան» մրցանակը ստացան Ռուբէն Խաչատուրեան եւ Կայէլ Գրիգորեան: Աւարտական դասարաններու հայերէնագիտական նիւթերու գնահատելի աշխատանք կատարողի «Սօսի Յիշատակի ֆոնտ»ի մրցանակներուն արժանացան գրական բաժինէն՝      Սարօ Սերուժեան, գիտական բաժինէն՝ Շահան Հաւաթեան: Գերազանց արդիւնք, միաժամանակ հասարակական գործունէութիւն ունեցողի «Արշաւիր Յովսէփեան» մրցանակները ստացան Ռուբէն Խաչատուրեան եւ Լոռի Յովսէփեան:  «Արշաւիր Յովսէփեան» մրցանակ ստացաւ նաեւ 2019-2020 սերունդի իւրաքանչիւր շրջանաւարտ, առ ի քաջալերանք եւ գնահատանք դժուար պայմաններու մէջ իրենց տարած աշխատանքին: «Ջահակիր»ի պատրաստութեան լաւագոյն մասնակցութեան «Վիգէն Զաքարեան» մրցանակին արժանացաւ Արին Կիւլլիւճեան: Թ. դասարանի արաբերէնի լաւագոյն աշխատանք եւ արդիւնքներ ապահովողի «Սօսէ Սեփեթճեան» մրցանակը ստացաւ Գալին Գիլեճեան: Է. դասարանի ֆրանսերէնի լաւագոյն աշխատանք եւ արդիւնքներ ապահովողի «Արտա Պէքէրէճեան» մրցանակին արժանացաւ Արամ Աղասարգիսեան: Նախակրթարանի մէջ հայերէնագիտական նիւթերու լաւագոյն աշխատանք եւ արդիւնքներ ապահովողի «Սօսի Մաւիսաքալեան» մրցանակը ստացաւ Սելին Գիլեճեան: Տիպար մարզիկի եւ տիպար մարզիկուհիի «Վարդգէս եւ Լուսին Ծատուրեան» մարզական մրցանակները ստացան Կարէն Խալոյեան եւ Ռիթա Իրատեան: ԺԲ. դասարանի խանդավառ եւ աշխոյժ աշակերտի «Վիգէն Աղասարգիսեան» մրցանակին արժանացաւ Կարօտ-Սերոբ Հանեշեան: ԺԲ. դասարանի վեհանձն աշակերտի «Սանան Մահսերեճեան» մրցանակը ստացաւ Արի-Յարութիւն Գրիգորեան: ԺԲ. դասարանի արուեստի «Յակոբ Գալայճեան» մրցանակին արժանացաւ Կայէլ Գրիգորեան:

 

Մրցանակաբաշխութենէն ետք,  Փաուլա Եղիայեան փոխանցեց տնօրէնութեան խօսքը: Ան ըսաւ. «Իւրաքանչիւր ոսումնական տարեշրջան կը յատկանշուի իր աշխատանքներով, ձեռբերումներով եւ յաջողութիւններով ու այսպէս  2019-2020 տարեշրջանը ծրագրուած էր նշելու համար հայ Ճեմարանի հիմնադրութեան 90-ամեակը: 90-ամեակը այն կրթօճախին, որ 3 Մարտ 1930-էն ի վեր կը կերտէ մարդն ու հայը, կը ջամբէ բարձրորակ կրթութիւն եւ կը կազմաւորէ հայ մանուկն ու պատանին պատրաստելով ինքնավստահ եւ հպարտ հայ երիտասարդը: Մեծ խանդավառութեամբ սկիզբ առաւ 2019-2020 ուսումնական տարեշրջանը, սակայն բոլորիս ծանօթ պայմաններու բերումով աշակերտական առօրեան ընդհատուեցաւ զանազան անգամներ, վերջնական դադար մը առնելով 28 Փետրուար 2020-ին: Բնականաբար կարելի չեղաւ նաեւ կազմակերպել Ճեմարանի հիմնադրութեան նուիրուած շարք մը ձեռնարկները: Հետեւաբար տարեշրջանը շարունակուեցաւ արտակարգ ձեւով, եւ Բ. կիսամեակի դասաւանդութիւնները շարունակուեցան առցանց: Հակառակ ստեղծուած դժուար ու մտահոգիչ վիճակին, աւարտական դասարանի աշակերտները նոյն թափով աշխատեցան եւ Սեպտեմբեր 2020-ին 25 աշակերտներ  ներկայացան ֆրանսական պաքալօրէայի, եւ անոնցմէ 22-ը ապահովեցին շատ լաւ արդիւնքներ: Շրջանաւարտները տիրացան նաեւ Լիբանանեան պաքալօրէայի հաստատագիրներուն եւ բոլորն ալ անցան համալսարանական հանգրուան»:

Փաուլա Եղիայեան շեշտեց, որ հակառակ այս սերունդի շրջանաւարտներուն դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւններուն, անոնց ամենածանր կորուստը՝ Ճեմարանի 15 տարիներու աշակերտ, իրենց դասընկերոջ Կարէն Խիւտավերտեանի մահն էր, որ պատահեցաւ Հոկտեմբեր 2020-ին:  Ան ըսաւ. «Կարէնը իր բարեսրտութեամբ, պարկեշտութեամբ, ազնուութեամբ, ընկերասիրութեամբ ու հայրենասիրութեամբ դրոշմուած կը մնայ իր ընկերներուն եւ Ճեմարանի անձնակազմին սրտերուն մէջ: Կարէնին յիշատակը վառ պահելու համար 2019-2020 տարեշրջանի շրջանաւարտներու սերունդը պիտի կոչուի «Կարէն Խիւտավերտեան» սերունդ, ինչպէս նաեւ ճեմարանի տնօրէնութիւնը յարմար նկատեց կառոյցի 4-րդ յարկի աւարտական դասարանի բակը անուանել «Կարէն Խիւտավերտեան» բակ, եւ Կարէնին ընտանիքին օժանդակութեամբ բակը նորոգուեցաւ եւ բարեզարդուեցաւ: Խիւտավերտեան ընտանիքը Կարէնին յիշատակին հաստատեց նաեւ «Կարէն Խիւտավերտեան» մրցանակ մը 2021-2022 տարեշրջանէն սկսեալ»: Տնօրէնուհին երախտագիտութեան խօսք ուղղեց նախորդ տարեշրջանի տագնապալից օրերուն Ճեմարանի կողքին գտնուող բոլոր միութիւններուն, հիմնարկութիւններուն, հիմնադրամներուն եւ ազգայիններուն, որոնք ճիգ չխնայեցին ամէն գնով օգնելու հայ դպրոցին ու հայ աշակերտին, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր այն անձերուն, որոնք Ճեմարանի 90-ամեակին նուիրուած «Մեր բոլորիս ուխտավայր Ճեմարան» առցանց նուիրահաւաքին բերին իրենց մասնակցութիւնը: Ապա իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն, Փաուլա Եղիայեան ըսաւ. «Այսօր կը դառնաք ճեմարանաւարտ ու յետ այսու մաս կազմէք Ճեմարանի ջահակիրներու բանակին, կրթութեան այս դարբնոցէն ներս երկար տարիներ զինուեցաք մարդկային արժանիքներով ու հայեցի դաստիարկութեամբ, ամբարեցիք գիտելիքներ եւ զարգացուցիք ֆիզիքական, հոգեկան ու ընկերային հմտութիւններ, կերտեցիք ձեր ինքնութիւնն ու նկարագիրը եւ ընտրեցիք ձեր ապագայ մասնագիտական ուղին, մեծ հաճոյքով եւ միաժամանակ յուզմունքով լսեցինք քիչ առաջ ձեզմէ իւրաքանչիւրին սրտին խօսքը եւ անգամ մը եւս վստահ եղանք, որ պատրաստ էք ձեր ներդրումը ունենալու Ճեմարանի գոյատեւման եւ բարգաւաճման մէջ»: Ան թելադրեց շրջանաւարտներուն տէր կանգնիլ հայ լեզուին, պատմութեան ու մշակոյթին:

Իր խօսքէն ետք տնօրէնուհին բեմ հրաւիրեց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան փոխատենապետ Թամար Հաշէօլեանը՝ մասնակցելու վկայականներու յանձնումին։

Շրջանաւարտի վկայականներ ստացան.-

Գիտական ճիւղէն՝ Արման Նաճարեան, Արի Գրիգորեան, Բագրատունի Գրիգորեան, Թալիա Հապոյեան, Թամար Փափազեան, Ծիլա Ահարութեան, Կայէլ Գրիգորեան, Կարօտ Հանէշեան, Հրակ Պոսնոյեան, Ճորճիօ Ֆեղալի, Միլա Խաչատուրեան, Նարէ Գոգօղլանեան, Շահան Հաւաթեան, Պարոյր Տօնիկեան, Ռուբէն Խաչատուրեան, Սերժ Չերքեզեան, Սէրուժ Թապաքեան, Քրիսթին Յովակիմեան:

Գրական ճիւղէն՝ Անդօ Գրիգորեան, Արին  Կիւլլիւճեան, Իզապէլ Միսիսեան, Լոռի Յովսէփեան, Խաժակ Վարդանեան, Կալի Տէքրմէնճեան, Կարէն Խիւտավերտեան, Կարէն Խալոյեան, Մարիա Գասարճեան, Մարիա Եիրիքեան, Ռիթա Իրատեան, Ռոյ Ճիզմէճեան, Սարօ Սերուժեան, Սէրուժ Նորամանեան:

Վկայականներու բաշխումէն ետք հանդիսութիւնը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգով, որմէ ետք ներկաները շնորհաւորեցին շրջանաւարտները։