Հինգշաբթի, 4 Յուլիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԺԲ. աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը, ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Նարեկ Եպիսկոպոսի Ներկայացուցիչ Տէր Նարեկ Աւագ Քահանայ Հէճինեանի, պետական երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի, Քաղաքական կուսակցութիւններու, մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, հայկական վարժարաններու տնօրէններու, Ճեմարանի ծնողներուն, շրջանաւարտներուն, դպրոցի բարեկամներուն, անձնակազմին, տնօրէնութեան, խնամակալութեան ու Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, հանդէսը սկսաւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն մանկապարտէզի հանդէսին, ապա 2018-2019 տարեշրջանի նկարներուն ցուցադրութեամբ, որուն յաջորդեց շրջանաւարտներու հանդիսաւոր մուտքը սրահ:
ԺԱ. դասարանին կողմէ Ռուբէն Խաչատուրեան ողջերթի ուղերձով անդրադարձաւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն հետ իրենց ապրած յիշատակելի օրերուն, ապա յաջողութիւն եւ բարի երթ մաղթեց անոնց: Այնուհետեւ յայտագիրը ընթացաւ շրջանաւարտներու հրաժեշտի խօսքերու եւ գեղարուեստական բաժինի համադրական ներկայացումով: Մնաս բարովի իրենց խօսքերէն կարդացին՝ Կալի Միսիրեան, Նարօտ Մերտխանեան, Լէա Խաչատուրեան, Լեւոն Գալայճեան, Վանա Պաքալեան եւ Նարեկ Մեսրոպեան: Կայէլ Գրիգորեան քանոնով, Նարեկ Մեսրոպեան կիթառով եւ Կարօ Գրիգորեան դաշնամուրով նուագեցին Կոմիտասեան երգերու շարք մը, ապա Շարլ Ազնաւուրի «La bohème»՝ Վագօ Հաշէօլեան սրինգով եւ Կարօ Գրիգորեան դաշնամուրով: Նուագներուն յաջորդեց Ժ. եւ ԺԱ. դասարաններու աշակերտներուն վրացական պարը, որմէ ետք աւարտական դասարանէն խումբ մը աշակերտներ ասմունքեցին Պարոյր Սեւակի «Անլռելի Զանգակատուն»էն «Ղօղանջ Թաղման եւ Յարութեան»:
Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք, Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան բեմ բարձրացաւ մրցանակաբաշխութեան համար։ Կալի Միսիրեան եւ Լէա Խաչատուրեան արժանացան Աւարտական դասարանի բարձրագոյն միջին ապահովողի «Մարք Արտալճեան» եւ Աւարտական դասարանի ուսողութեան լաւագոյն միջին ապահովողի «Զաւէն Գույումճեան» մրցանակներուն: Աւարտական դասարաններու գիտական նիւթերու բարձրագոյն միջին ապահովողի «Կարօ Գաբլանեան» մրցանակը ստացաւ Կալի Միսիրեան: Աւարտական դասարաններու մէջ հայերէնագիտական լաւագոյն միջին ապահովողի «Սօսի յիշատակի ֆոնտ»ի մրցանակներուն արժանացան գրական բաժինէն՝ Պէթի Փաչանեան, իսկ գիտական բաժինէն՝ Կալի Միսիրեան: Գերազանց արդիւնքներ ապահովող ու միաժամանակ հասարակական գործունէութիւն ունեցողի «Արշաւիր Յովսէփեան» մրցանակները ստացան գրական բաժինէն՝ Վանա Պաքալեան եւ Մարի-Քրիսթել Աճէմեան, գիտական բաժինէն՝ Նարեկ Մեսրոպեան եւ Նարօտ Մերտխանեան: «Ջահակիր»ի պատրաստութեան լաւագոյն մասնակցութեան «Վիգէն Զաքարեան» մրցանակին արժանացան Մարի-Քրիսթել Աճէմեան եւ Նարօտ Մերտխանեան։ Երկրորդական դասարաններու մէջ հայերէնագիտական նիւթերու բարձրագոյն միջին ապահովողի Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ տրամադրուած Ֆորումի մասնակցութեան մրցանակին արժանացան Կալի Միսիրեան եւ Նարօտ Մերտխանեան: Թ. դասարանի արաբերէնի լաւագոյն միջին ապահովողի «Սօսէ Սեփեթճեան» մրցանակը ստացաւ Վառակ-Նարեկ Մանուկեան։ Է. դասարանի ֆրանսերէնի լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Արտա Պէքէրէճեան» մրցանակին արժանացաւ Լոռի Մխճեան: Նախակրթարանի մէջ հայերէնագիտական նիւթերու լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Սօսի Մաւիսաքալեան» մրցանակը ստացաւ Ժուլիանա Թրթռեան: Տիպար մարզիկի եւ տիպար մարզիկուհիի «Վարդգէս եւ Լուսին Ծատուրեան» մրցանակները ստացան Հրակ Թորոսեան եւ Էնճըլա Պուժիքեան: ԺԲ. դասարանի ծառայասէր ու խանդավառ աշակերտի «Վիգէն Աղասարգիսեան» մրցանակին արժանացաւ Հրանդ Գալեմքերեան:
Մրցանակաբաշխութենէն ետք Փաուլա Եղիայեան փոխանցեց տնօրէնութեան խօսքը: Ան ըսաւ. «2019 թուականը յոբելեաններով հարուստ տարի մըն է: Այս տարի, համայն հայութիւնը կը նշէ հայ երգի ու երաժշտութեան պատմութեան առաքեալ, հայ երգն ու երաժշտութիւնը թէ՛ օտարին եւ թէ հայ ժողովուրդին ծանօթացնող Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակը: Այս տարի, համայն հայութիւնը կը նշէ Լոռիի Դսեղ գիւղի զաւակ, իր գրական ստեղծագործութիւններով իւրայատուկ «Ամենայն Հայոց բանաստեղծ» Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակը: Այս տարի, համայն հայութիւնը կը նշէ թատերագիր, արձակագիր, մանկավարժ, պետական եւ հասարակական գործիչ, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան եւ Հայ Կրթութեան ջահակիր Հայ Ճեմարանի հիմնադիրներէն Լեւոն Շանթի ծննդեան 150-ամեակը: Եւ ահա Կոմիտասեան «Կաքաւիկ»ի եւ «Կռունկ»ի երաժշտութեամբ հասակ առած, Թումանեանի «Կաթիլ մը մեղր»ով սնած եւ Շանթի մանկավարժական սկզբունքներով դաստիարակուած Ճեմարանաւարտներու մեծ ընտանիքին այսօր կը միանան 30 նոր շրջանաւարտներ: Երիտասարդուհիներ եւ երիտասարդներ, որոնք, թէեւ այսօր ֆիզիքապէս կը բաժնուին իրենց դպրոցէն, սակայն վստահ ենք, որ իրենց հոգիներուն մէջ պիտի պահեն Ճեմարանի յատուկ հայաբոյր ու մտերմիկ մթնոլորտը, պիտի առաջնորդուին Ճեմարանական ոգիով եւ ամուր կառչած պիտի մնան այն բոլոր սկզբուքներուն, որոնց հիման վրայ կազմաւորուեցան ու ծաղկեցան: 2018-2019 տարեշրջանի աւարտական այս հանդէսի ընթացքին, մենք հպարտութեամբ եւ ուրախութեամբ Ճեմարանի հարազատներուն ու բարեկամներուն կը ներկայացնենք այս տարուան մեր դպրոցական առօրեան եւ մեր աշակերտներուն իրագործումներն ու արձանագրած յաջողութիւնները: Ամէն տարուան նման, 2018-2019 ուսումնական տարեշրջանի դպրոցական առօրեան եղաւ շատ բեղուն ու աշխոյժ. դասարանային աշխատանքներու կողքին, բոլոր կարգերու աշակերտները արտադասարանային զանազան այցելութիւններով եւ պտոյտներով հարստացուցին իրենց գիտելիքներու շտեմարանը: Այսպէս, այս տարի մեր աշակերտները այցելեցին նախագահական պալատ, օդակայան, նաւահանգիստ, Պէյրութի ազգային թանգարան, մէկէ աւելի գործարաններ, տպարան, գիրքի ցուցահանդէս, ջերմոց, եւ շարքը տակաւին երկար է: Մեր աշակերտները նոյնպէս մասնակցեցան սեմինարներու ու աշխատանոցներու, ներկայ գտնուեցան մէկէ աւելի թատերական եւ գեղարուեստական ելոյթներու, ինչպէս նաեւ կազմակերպեցին Շանթի, Կոմիտասի, Թումանեանի եւ այլ մեծանուն հայերու նուիրուած ներքին ձեռնարկներ: Ընկերային կազմաւորման ծրագիրի ծիրէն ներս, կազմակերպուեցան ընկերային եւ առողջապահական դասախօսութիւններ եւ կլոր սեղաններ, ինչպէս նաեւ՝ բարեսիրական զանազան հաստատութիւններու այցելութիւններ: Աշակերտները մասնակցեցան ընդհանուր զարգացման, մշակութային եւ մարզական մեծ թիւով մրցոյթներու ապահովելով միշտ առաջնահերթ դիրքեր: Տնօրէնութիւնը առիթը ունեցաւ նաեւ կազմակերպելու ծնողական եւ ուսուցչական մէկէ աւելի հանդիպումներ միասնաբար արծարծելու եւ քննելու մանկավարժական եւ այժմէական նիւթեր: Այս աշխատանքներուն արգասիքը եղան մեր աշակերտներուն գովելի եւ գնահատելի յաջողութիւնները: Այս տարուան պրէօվէի պետական քննութիւններուն ներկայացած մեր 25 աշակերտներէն 24-ը յաջողած են եւ 24-էն 9-ը արժանացած յիշատակութիւններու: Իսկ աւարտական դասարանի Ֆրանսական պաքալորէայի քննութիւններուն ներկայացած 30 աշակերտները բոլորը յաջողած են եւ 30-էն 20-ը արժանացած յիշատակութիւններու: Գալով այս տարեշրջանի սկիզբը ծնունդ առած «Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» մանկամսուրին, ան այսօր կ՛ընդունի 3 ամսականէն 3 տարեկան 74 երեխաներ, որոնք կը վայելեն իրենց դաստիարակներուն գուրգուրանքն ու հոգատարութիւնը: Եւ մենք վստահ ենք, որ մանկամսուրի յաջողութիւնը նոյն թափով պիտի շարունակուի շնորհիւ հաւաքական աշխատանքին եւ տեսլականին հաւատացող ծնողներուն եւ բարեկամներուն: Այս բոլորին կողքին բոլորս շատ լաւ գիտենք նաեւ, որ մենք յաճախ կը գտնուինք նոր մարտահրաւէրներու դիմաց: 2019-2020 տարեշրջանին Ճեմարանի երկրորդական բաժինի աշակերտները պիտի սկսին հետեւելու Ֆրանսական պաքալորէայի վերանայուած նոր ծրագիրին, որ իր այլազանութեամբ ու նորութիւններով վստահաբար նորանոր յաջողութիւններ պիտի ընծայէ մեր աշակերտներուն: Գալով մեզ բոլորս յուզող լիբանանեան իրականութեան տնտեսական այս դժուար պայմաններուն, մենք յաճախ կը գտնուինք նիւթական նեղ կացութիւններու առջեւ: Այս առիթով, շնորհակալութիւն կը յայտնենք նախ՝ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, եւ ապա՝ Ճեմարանի ծնողներուն ու բարեկամներուն, որոնք իրենց բարոյական եւ նիւթական օժանդակութիւններով միշտ մեր կողքին են, որովհետեւ բոլորս կը հաւատանք, որ 89 տարիներ առաջ հիմնուած այս կրթօճախը տակաւին շատ հայ երիտասարդուհիներ եւ երիտասարդներ պատրաստելու պատասխանատուութիւնը կը կրէ իր ուսերուն: Ճեմարանը, ինչպէս քիչ առաջ ըսին մեր շրջանաւարտները, սոսկ դպրոցական հաստատութիւն մը չէ եղած. թէեւ այսօր չկան հայ մտքի ու մշակոյթի մեծանուն առաքեալներ՝ Շանթն ու Աղբալեանը, սակայն կայ անոնց տեսլականը, կայ անոնց սկսած սրբազան գործը, կայ սերունդներ կերտող դարբնոցը, կայ 89 տարեկան, բայց երիտասարդ ու նոր նուաճումներու վճռական տրամադրութեամբ ոգեւորուած կանգուն Ճեմարանը, որ նոյն վճռականութեամբ կը պատրաստուի 2019-2020 տարեշրջանին դիմաւորելու իր հիմնադրութեան 90-ամեակը: Կայ, կը գոյատեւէ ու կը բարգաւաճի Ճեմարանը շնորհիւ հայ դպրոցին հաւատացող ու վստահող մեր ծնողներուն, ինչպէս նաեւ շնորհիւ մեր աշակերտներուն ուղեկցող ու անոնց կազմաւորման համար շունչ ու եռանդ սպառող նուիրեալ ուսուցիչներուն. ձեր վարձքը կատար Ճեմարանի անձնակազմի անդամներ. ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր իւրայատուկ ներդրումը ունի ճեմարանի յաջողութիւններուն մէջ»:
Վկայականներու բաշխումէն առաջ, Փաուլա Եղիայեան խօսքը ուղղեց շրջանաւարտներուն եւ ըսաւ. «Նախ եւ առաջ կը շնորհաւորեմ ֆրանսական պաքալորէայի ձեր բացարձակ յաջողութիւնը եւ կը մաղթեմ, որ վայելէք նման պատուաբեր յաջողութիւններ ձեր կեանքի ընթացքին, ուր որ գտնուիք եւ ինչ որ ալ ըլլան ձեր պայմանները: Ձեր ծնողներն ու ձեր ուսուցիչները հոգատարութեամբ ու համբերութեամբ միշտ եղան ձեր կողքին. գուրգուրացին, խրատեցին, բարկացան եւ օգնեցին, ձեզի հետ ապրելով ձեր ուրախութեան ու տխրութեան վայրկեանները, ձեր յաղթանակներն ու պարտութիւնները, ձեր իրագործումներն ու չարաճճիութիւները միշտ ձեզ ուղղելով, որ ըլլաք լաւ մարդ ու լաւ հայ: Սիրելի շրջանաւարտներ, միշտ եղէ՛ք լայնախոհ, ինքնավստահ, շրջահայեաց ու պարկեշտ, միշտ մնացէք ազնիւ, անկեղծ, յարգալիր ու արդարամիտ, սորվէցէ՛ք լեզուներ, զարկ տուէ՛ք ձեր գիտելիքներուն ու կարողութիւններուն եւ ձգտեցէ՛ք միշտ լաւագոյնին ձեր ընտրած մասնագիտութիւններուն ու ասպարէզներուն մէջ, բայց մանաւանդ, եղէ՛ք տէրն ու պաշտպանը հայերէն լեզուին, գրականութեան ու պատմութեան, հայ մշակոյթին ու աւանդութիւններուն, հայ դպրոցին ու դատին. Խօսեցէ՛ք հայերէն, գրեցէ՛ք հայերէն եւ կազմեցէ՛ք հայ ընտանիքներ. եւ վերջապէս եղէ՛ք «մեր բոլորին ուխտավայր Ճեմարանի» հպարտ շրջանաւարտներ ու մանաւա՛նդ հպարտ հայեր: Բարի երթ ու կանաչ ճանապարհ ձեր բոլորին»:
Իր խօսքէն ետք տնօրէնուհին բեմ հրաւիրեց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանը՝ մասնակցելու վկայականներու յանձնումին։
Շրջանաւարտի վկայականներ ստացան.-
Գրական ճիւղէն՝ Աճէմեան Մարի-Քրիսթել, Պաքալեան Վանա, Տէյիրմենճեան Սելին, Խաշօլեան Կալի, Քիւրքճեան Նարէ, Փաչանեան Պեթի, Զաքարեան Մեղրի, Չաթալեան Սեւակ, Գալեմքերեան Հրանդ, Թորոսեան Հրակ:
Գիտական ճիւղէն՝ Յակոբեան Փաթիլ, Աթթարեան Ռիթա, Պուժիքեան Էնճըլա, Տէր Խաչատուրեան Գալին, Խաչատուրեան Լէա, Մերտխանեան Նարօտ, Միսիրեան Կալի, Աւետիս Արի, Տեքէրմենճեան Անթոնի, Գալայճեան Լեւոն, Գալեմքերեան Վարանդ, Գաբրիէլեան Աբրահամ-Անթոնի, Գարաճեան Երուանդ, Հաշէօլեան Վարդգէս-Վարագ, Գրիգորեան Կարօ, Մեսրոպեան Նարեկ, Միքայէլեան Սիմոն, Թաշճեան Կարօտ, Չաքրեան Վարագ-Կայծ, Եափուճեան Աւետիս:
Վկայականներու բաշխումէն ետք հանդիսութիւնը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգով, որմէ ետք ներկաները շնորհաւորեցին շրջանաւարտները, եւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։