ԺԲ. ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Երեքշաբթի, 7 Յուլիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ, ծնողներուն, շրջանաւարտներուն, դպրոցի բարեկամներուն, անձնակազմին, տնօրէնութեան, խնամակալութեան ու Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայութեան տեղի ունեցաւ ԺԲ. աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը։ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, հանդէսը սկսաւ Ժ. դասարանէն Յակոբ Թաշճեանի կողմէ նախկին ճեմարանական Եդուարդ Պոյաճեանի «Հողին ոյժը» գրութեան ընթերցումով: «Ո՞վ ենք մենք» հարցումէն ետք աւարտական դասարանէն խումբ մը աշակերտներ ելոյթ ունեցան հայկական ազգագրական երգերով ու պարով, ինչպէս նաեւ ժամանակակից հայկական պարով մը: Աւանդական տոհմիկ երգ ու պարին զուգահեռ, միաժամանակ տեսերիզի ցուցադրութեամբ մը, աշակերտները Արեւտահայաստանի քարտէզին դիմաց, մէկ-մէկ կ’անցնէին իրենց հայրենի շրջանին անունը կրող ցուցանակներով: Ապա անցումով մը, անցեալը խորհրդանշող մթնոլորտը ներկայ առօրեային կապուեցաւ հայ ժողովուրդի սփիւռքի մէջ տարածումը խորհրդանշող կարճ ու յստակ տեսերիզով մը: Այս անցումին յաջորդեց ժամանակակից հայկական պարը, որուն ընթացքին, այս անգամ տեսերիզին մէջ աշակերտները արդէն կը գտնուէին լիբանանեան աւանդական շէնքի մը դիմաց եւ անոնց ցուցանակներուն անունները փոխարինուած էին Լիբանանի մէջ իրենց ներկայ բնակավայրերու անուններով: Վերջապէս՝ այս կատարողական ելոյթը իր աւարտին հասաւ, երբ աւարտականները Վահէ Օշականի հետեւեալ տողերով փոխանցեցին իրենց պատգամը. «Ահարկու է մարդ ըլլալը ու հոյակապ նոյն ատեն. Ռումբ մըն է որ կը պայթի անդադար… Պիտի մեռնիս, պիտի ծնիս, նորէն մեռնիս, նորէն ծնիս, Ու շարունակես մինչեւ ծայրը առանց յոյսի ու միւռոնի, Փորձելով փշրել հայելին ու հասնիլ կեանքին… Փախուստ չկա՛յ այլեւս, Պարոն Վրէժ: Կա՛մ դուրս կ’ելլես քու անցեալի խանութէդ Ու կը փնտռես նոր, անօթի, չոր ու դաժան աչքերով Ի՛նչ ըսել է մարդ ըլլալը, ի՛նչ ըսել է հայ ըլլալը,- Կա՛մ եղած տեղդ կը մնա՛ս, Ու կը նեխիս միս-մինակդ անշշուկ»: Ներկայացումը տպաւորիչ էր. հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակն ու Ճեմարանի հիմնադրութեան 85 ամեակը, ինչպէս նաեւ ճեմարանականներուն ինքնութիւնը կարծէք մէկտեղուած էին: Անցեալէն դէպի ներկայ անցումը եւ Ճեմարանի առաքելութիւնը՝ հայկական արժէքներու պահպանումն ու հայու անսասան երթը, ակներեւ էին բեմին վրայ: ԺԱ. դասարանին կողմէ ողջերթի ուղերձ կարդաց Ալիք Մեսրոպեան, որ ըսաւ. «Այսօր, պահը հասած է երբ, սիրելի 12-րդ դասարանի աշակերտներ, հրաժեշտ պիտի տաք մեր ուխտավայր Ճեմարանին: Ի հարկ է, դժուար է երկրորդ տուն դարձած հարազատ դպրոցին, ուսուցիչներուն հրաժեշտ տալ: Բայց, ինչպէս Ուիլիամ Սարոյեան կ՛ըսէ. «Երբ երկու հայ իրարու հանդիպին, աշխարհի մէջ որեւէ տեղ՝ անոնք կը ստեղծեն նոր Հայաստան մը»: Նոյնպէս ալ՝ երկու ճեմարանական երբ հանդիպին աշխարհի որեւէ մէկ անկիւնը, անոնց հոգիներուն մէջ կ՛արթննայ՝ Շանթէն, Աղբալեանէն, Մուշեղ իշխանէն փոխանցուած աւանդը»: Ան բարի երթ եւ յաջողութիւն մաղթեց շրջանաւարտներուն: Աւարտական սերունդին կողմէ ուղերձ կարդաց Գուրգէն Փափազեան, որ ըսաւ. «Գալիք տարիներուն եւ ընդհանրապէս մեր ապագային, ո՛չ ուսումը, ո՛չ գործը, ո՛չ ամուսնութիւնը եւ ոչ ալ ընտանիք կազմելը նոյնքան կարեւոր են, որքան Մա՛րդ ըլլալը։ Այո, նամանաւանդ ներկա՛յ աշխարհին մեջ, երբ անտառի՛ օրէնքն է որ կը տիրէ, եւ երբ համաշխարհայնացումին պատճառով ամէն ինչ սովորականէն արագ է ու վայրի, ամէն ինչ դիւրին է բայց անլուրջ, եւ ամէն ինչ հաճելի է բայց անցողական, դժուար է մարդ ըլլալը…դժուա՛ր է բնական մնալը… Եւ ահա ճիշդ ա՛յս հարցին եւ նմանօրինակ ուրիշ մարդկային եւ ազգային հարցերու լուծումը գտնելու համար է, որ 1930-ի Մարտ 3-ին հիմը դրուեցաւ Հայ ճեմարանին։ Մեր հիմնադիրները՝ ինչպէս Լեւոն Շանթն ու Նիկոլ Աղբալեանը եւ ուրիշներ, գիտէին որ մարդկութեան ամենամեծ եւ կարեւոր հարցերէն մէկը՝ տարօրինակ բայց իրաւ, Մարդ ըլլալն է։ Իսկ երբ մարդ ըլլալ կ՛ըսենք, այդ կը նշանակէ ամբողջական իմաստով մարդ, նա՛խ մարդ եւ ամէն ինչէ առաջ մարդ, ինչպէս կ՛ըսէր Լեւոն Շանթ՝ «Նախ մարդ, ապա հայ»։ Հարկ չեմ զգար այստեղ նշելու նաեւ լաւ հայ ըլլալու անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ կը կարծեմ, որ արդէն երբ հայ մը լաւ մա՛րդ է, կը նշանակէ թէ ան նաեւ լաւ հա՛յ է, որովհետեւ լաւ մարդու կարեւո՛ր չափանիշներէն մէկը ա՛յն է, որ ան գիտակից է նա՛խ իր ազգին ու բոլոր ազգերու կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ ի՛ր ներդրումի կարեւորութեան՝ իր ազգին համար, եւ նոյնպէս գիտակից է, թէ իր ազգը արժէք է նաեւ համա՛յն մարդկութեան համար… Այս բոլորէն կը բխի այն, որ Ճեմարանը աւարտող տղուն կամ աղջկան համար պէտք է կարեւոր ըլլան նաեւ ինքնաշխատութիւնը, հետաքրքրութիւնը, համեստութիւնը, համարձակութիւնը, հաւատքը՝ ազնիւ գործին հանդէպ եւ երազները իրականացնելու պայքարին մէջ՝ անհրաժեշտ կամքը։ Ինչպէս կ՛ըսուի՝ «Կամք, աշխատանք ու կորով, երեք բաներ են որոնցմով, մարդ ջուրի վրայ թէ հողի՝ անպայմա՛ն կը յաջողի…»: Հրաժեշտի ուղերձէն ետք, Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան բեմ բարձրացաւ մրցանակաբաշխութեան համար։ Գարլա Օհաննէսեան արժանացաւ Աւարտական դասարանի բարձրագոյն միջին ապահովողի «Մարք Արտալճեան» մրցանակին: Աւարտական դասարաններու արաբերէնի լաւագոյն միջին ապահովողի «Լուի Օհանեան», ինչպէս նաեւ ծառայասէր ու հոգատար աշակերտի «Վիգէն Աղասարգիսեան» մրցանակներուն արժանացաւ Մարիա Մարտիրոսեան: Աւարտական դասարաններու մէջ հայերէնագիտական լաւագոյն միջին ապահովողի «Սօսի յիշատակի ‎ֆոնտ»ի մրցանակներուն արժանացան գրական բաժինէն՝ Լոռի Սերայտարեան, իսկ գիտական բաժինէն՝ Լոռի Սարգիսեան: Ռիթա Ֆերմանեան եւ Գրիգոր Յակոբեան ստացան գերազանց արդիւնքներ ապահովող ու միաժամանակ հասարակական գործունէութիւն ունեցողի «Արշաւիր Յովսէփեան» մրցանակները: «Ջահակիր»ի պատրաստութեան լաւագոյն մասնակցութեան «Վիգէն Զաքարեան» մրցանակը ստացան Մարիա Մարտիրոսեան եւ Ռիթա Ֆերմանեան։ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ տրամադրուած Ֆորումի մասնակցութեան մրցանակին արժանացաւ Լոռի Սարգիսեան: Ժ. դասարանի հայերէնի եւ հայոց պատմութեան լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Հուրի Պերթիզլեան» մրցանակին արժանացաւ Նարօտ Սերուժեան։ Թ. դասարանի արաբերէնի լաւագոյն միջին ապահովողի «Սօսէ Սէփէթճեան» մրցանակը ստացաւ Մհեր Փելթեքեան։ Նախակրթարանի մէջ հայերէնագիտական նիւթերու լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Սօսի Մաւիսաքալեան» մրցանակին արժանացան Նարօտ Թասլաքեան եւ Կալի Քէշիշեան։ Տիպար մարզիկի եւ տիպար մարզիկուհիի «Վարդգէս եւ Լուսին Ծատուրեան» մրցանակները ստացան Քրիստ Բրուտեան եւ Սերին Սարգիսեան: Մրցանակաբաշխութենէն ետք տնօրէնը անդրադարձաւ 2014-2015 տարեշրջանին դպրոցական առօրեային զուգահեռ հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակին եւ Ճեմարանի հիմնադրութեան 85 ամեակին առիթով կիրարկուած զանազան աշխատանքներուն եւ ձեռնարկներուն: Համաշխարհայնացումի, կեանքի այսօրուան մարտահրաւէրներուն դէմ ազգային դիմագիծով մարդուժի կարեւորութիւնը շեշտելով, տնօրէնը շրջանաւարտներուն ընտրած ուսումնական մարզերուն գծով ըսաւ, որ անոնք հետզհետէ զուտ ասպարէզային կը դառնան, եւ մաղթեց, որ այս տարուան շրջանաւարտները եւս միանան Հայ Ճեմարանի շրջանաւարտներու մեծ փաղանգին ու անոր մեծամասնութեան ունեցած ազգային հասարակական գործունէութեան ոգիով շարունակեն անոնց ուղին: Ի վերջոյ Տիգրան Ճինպաշեան բարձր գնահատեց Ճեմարանի աշակերտներուն յաջողութիւնները աւարտական քննութիւններուն՝ յայտնելով, թէ այս տարուան հունձքը արդէն իսկ փայլուն յաջողութիւն արձանագրած է ֆրանսական պաքալորէայի քննութիւններուն՝ 37 աշակերտներէն 33 յաջող, որոնցմէ 17 աշակերտներ յիշատակութեան արժանացած են: Իր խօսքէն ետք Տ. Ճինպաշեան շնորհակալութիւն յայտնեց աշակերտներուն յաջողութիւններուն մէջ մեծ ներդրում ունեցած բոլոր ուսուցիչներուն, մասնաւորաբար անոնց, որոնք զանազան պատճառներով այս տարի հրաժեշտ տուին Ճեմարանին, ապա ան շնորհաւորեց շրջանաւարտները եւ Ճեմարանի մեծ ընտանիքը ու բեմ հրաւիրեց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան փոխ ատենապետ Մկրտիչ Եափուճեանը՝ մասնակցելու վկայականներու յանձնումին։ Շրջանաւարտի վկայականներ ստացան.- Գրական ճիւղէն՝ Պայրաքտարեան Սինթիա, Պոյաճեան Գարին, Տէյիրմենճեան Սապին, Կարպուշեան Բալիկ, Հանսքեհեան Գարմէն, Գապասաքալեան Լարա, Գաժաքժեան Մելանի, Քէօֆթէեան Նաթալի, Մարտիրոսեան Մարիա, Մարտիրոսեան Միրէյ, Սալորեան Միրէյ, Սերայտարեան Լոռի, Կարպուշեան Արի, Յակոբեան Ալեք, Գալայճեան Կարօ, Գարագաւորեան Արթիւր-Նժդեհ, Գարամինասեան Հրակ, Գէորգեան Շանթ, Խալոյեան Րաֆֆի, Մղտեսեան Զոհրապ, Ներսէս Կարէն, Փափազեան Գուրգէն, Փիլիպոսեան Կարօ, Սողոմոնեան Հայրապետ Գիտական ճիւղէն՝ Աճէմեան Արին, Աճէմեան Լարա, Ճէնանեան Վանա, Ֆերմանեան Ռիթա, Օհաննէսեան Գարլա, Սարգիսեան Լոռի, Թապուճեան Սինթիա, Աճէմեան Կարօտ, Աբրահամեան Սարգիս, Յակոբեան Գրիգոր, Հաւաթեան Գեղամ, Կէտիկեան Րաֆֆի, Ջրբաշեան Կարապետ Վկայականներու բաշխումէն ետք հանդիսութիւնը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգով, որմէ ետք ներկաները շնորհաւորեցին շրջանաւարտները, եւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։