Հինգշաբթի, 20 Յունիս 2024-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԺԲ. աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը, ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Շահէ Արքեպիսկոպոս Փանոսեանի, պետական դէմքերու, քաղաքական կուսակցութիւններու, մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, հայկական վարժարաններու տնօրէններու, Ճեմարանի ծնողներուն, շրջանաւարտներուն, դպրոցի բարեկամներուն, անձնակազմին, տնօրէնութեան, խնամակալութեան ու Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, ներկաները բուռն ծափահարութիւններով ողջունեցին շրջանաւարտները, որոնք հանդիսաւոր կերպով մուտք գործեցին սրահ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ աւարտական դասարանէն Արէն Հայկ Ազատեան: Ան ըսաւ. «Մեզի համար Ճեմարանը սովորական դպրոց մը չէ, այլ ընտանեկան միջավայր, միտքի ազատութիւն, երիտասարդական աշխուժութիւն, գաղափարի զարգացում, հայրենիքի հանդէպ հաւատարմութիւն, ազգի ծառայութիւն եւ ինքնութեան պահպանում: Ճեմարանը մեզ դաստիարակած է ըլլալ կեանքի մէջ կարգապահ, ճշդապահ, հայրենասէր եւ հասուն երիտասարդներ, որոնք կը ձգտին միշտ լաւագոյնին: Աշխարհի որեւէ անկիւնն ալ գտնուինք կը խոստանանք ըլլալ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի հաւատարիմ դեսպանները. ինչպէս Ծիծեռնակաբերդը կը վառէ բոցը եղեռնին, այնպէս ալ Ճեմարանը մեր մէջ կը վառէ ազգային աճումի ու հայրենասիրութեան բոցը»։ Ան իր խօսքին աւարտին աւարտական դասարանին անունով խնդրեց իրենց ծնողներէն ոտքի կանգնիլ, եւ իւրաքանչիւրը ծաղիկներ նուիրեց իր ծնողքին:
Բացման խօսքէն ետք, աւարտական դասարանի աշակերտները ներկաները հմայեցին իրենց պատրաստած գեղարուեստական յայտագիրով: Նանար Պազարպաշեան դաշնամուրով եւ Սեւակ Զարմէնեան սրինգով նուագեցին «Կեանք ու կռիւ»ը, ապա Նարօտ Կիւրիւնլեան եւ Վրէժ Սարգիսեան ընթերցեցին ԺԱ. դասարանին կողմէ ողջերթի ուղերձը, որմէ ետք աւարտական դասարանի աղջիկները պարեցին «Երեւան»ը՝ Արա Գէորգեանի երաժշտութեամբ: Այնուհետեւ Սեւակ Զարմէնեան, Հայկ Թենպէլեան եւ Հրակ Դրօ Կիւրիւնլեան ասմունքեցին Դանիէլ Վարուժանի «Ռազմի Շեփոր»ը: Ապա Սեւակ Զարմէնեան ընթերցեց աւարտական դասարանի ուղերձը: Ան ըսաւ. «Ճեմարանի մէջ ապրած մեր փորձառութիւնը կարելի չէ գտնել որեւէ գիրքի մէջ կամ զայն հասկնալ դասընթացքի մը միջոցաւ։ Ան կը յատկանշուի իր իւրայատուկ դասապահերով, սկզբունքներով, կառոյցով, մթնոլորտով, նոյնիսկ զբօսանքներով, որոնց աղմուկը, խնդուքները, դասապահերու ժամանակ շշուկներն ու կատակները միշտ պիտի շարունակեն արձագանգել մեր ականջներուն մէջ։ Այժմ՝ հասաւ այն ժամանակը, երբ յանձնառութեամբ պիտի շարունակենք Շանթի ու Աղբալեանի պատգամը, փոխանցելով զայն յաջորդող սերունդներուն եւ Ճեմարանի ջահը բարձր պահելով սփիւռքահայութեան մէջ»։ Այնուհետեւ բեմ բարձրացան աւարտական դասարանի աշակերտները եւ հանդէս եկան «Ղարաբաղցին» խմբերգով ու նուագով: «Ցտեսութիւն Ճեմարան» խօսքը ընթերցեց Հրակ Դրօ Կիւրիւնլեան: Ան ըսաւ. «Այս խմբերգէն ետք, կը հաստատենք կրկին, որ Ճեմարանի մէջ Արցախեան հարցը կը կազմէր մեր առօրեան: Ճեմարա՛նն է, որ հայերէն լեզուի բարձր իմացութեան կողքին մեզի ծանօթացուց մեր պատմութեան եւ աշխարհագրութեան: Ճեմարա՛նն է, որ մեզի ծանօթացուց հայ մշակոյթին. հո՛ս է, որ սորվեցանք հայկական երգը, պարն ու թատրոնը: Ճեմարա՛նն է, որ մեզի առիթը ընծայեց ազատօրէն արտայայտելու մեր ստեղծագործ միտքերը եւ պաշտպանելու մեր իրաւունքները: Ճեմարա՛նն է, որ մեզ մղեց մի՛շտ ձգտելու լաւագոյնին եւ դառնալու նախաձեռնող անձեր ու հայեր: Ճեմարա՛նն է, որ մեր մէջ արթնցուց բազմաթիւ հետաքրքրութիւններ եւ չսահմանափակեց մեր հորիզոնները, այլ՝ ընդլայնեց զանոնք եւ մեզի թեւեր տուաւ թռչելու համար դէպի փայլուն ապագայ: Շնորհակալ ենք Ճեմարա՛ն, որ մօր մը պէս եղար գուրգուրոտ ու հոգատար մեր ամէն մէկ քայլափոխին: Ցտեսութի՛ւն Ճեմարան, քու իւրաքանչիւր անկիւնդ մեր մէջ կ’արթնցնէ ուրախ յիշատակ մը: Ցտեսութիւն սիրելի՛ անձնակազմ. դուք էք մեզ հասցնողները հոն, ուր որ ենք այսօր»: Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ «Ճեմարանը եւ մենք» տեսերիզը, որ կը ներկայացնէր աւարտական դասարանի աշակերտներուն առօրեայէն պատկերներ եւ մտերմիկ պահեր:
Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք, Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան բեմ բարձրացաւ մրցանակաբաշխութեան համար:
Սեւակ Զարմէնեան արժանացաւ Աւարտական դասարանի բարձրագոյն միջին ապահովողի «Մարք Արտալճեան» մրցանակին: Հրակ Դրօ Կիւրինլեան արժանացաւ Աւարտական դասարանի ուսողութեան բարձրագոյն միջին ապահովողի «Զաւէն Գույումճեան» մրցանակին: Աւարտական դասարանի ընկերաբանութեան-տնտեսագիտութեան բարձրագոյն միջին ապահովողի «Կարօ Գաբլանեան» մրցանակը ստացաւ Սարին Մեսրոպեան: Աւարտական դասարաններու հայերէնի լաւագոյն աշխատանքի «Սօսի յիշատակի ֆոնտ»ի մրցանակին արժանացաւ Սինթիա Նիւրբէթլեան: Աւարտական դասարանի անգլերէն լեզուի ու գրականութեան Անթուան Քեհեայեանի «Սըր»-ի յիշատակի մրցանակը ստացան Ալիք Մելքոնեան եւ Սինթիա Նիւրբէթլեան: Գերազանց արդիւնք ապահովողի ու միաժամանակ հասարակական գործունէութիւն ունեցողի «Արշաւիր եւ Հերմինէ Յովսէփեան» մրցանակները ստացան Սարին Մեսրոպեան եւ Հրակ Դրօ կիւրիւնլեան: Երկրորդական դասարաններու մէջ հայերէնագիտական նիւթերու բարձրագոյն միջին ապահովողի Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ տրամադրուած Ֆորումի մասնակցութեան մրցանակին արժանացաւ Սեւակ Զարմէնեան: ԺԲ. դասարանի Ջահակիրի պատրաստութեան լաւագոյն մասնակցութիւն բերած աշակերտի մրցանակին արժանացաւ Վանեսա Քէշիշեան: ԺԲ. դասարանի խանդավառ եւ ընկերասէր աշակերտի «Վիգէն Աղասարգիսեան» մրցանակին արժանացաւ Արէն Հայկ Ազատեան: ԺԲ. դասարանի ծառայասէր եւ հոգատար աշակերտի «Սերոբ Աֆարեան» մրցանակը ստացաւ Սարին Մեսրոպեան: ԺԲ. դասարանի յարատեւող աշակերտի «Կարէն Խիւտավերտեան» մրցանակին արժանացաւ Արազ Խտըրեան: ԺԲ. դասարանի վեհանձն աշակերտի «Սանան Մահսերեճեան» մրցանակը ստացաւ Սեւակ Զարմէնեան: ԺԲ. դասարանի արուեստի «Յակոբ Գալայճեան» մրցանակին արժանացաւ Նանար Պազարպաշեան: Տիպար մարզիկի եւ տիպար մարզիկուհիի «Վարդգէս եւ Լուսին Ծատուրեան» մրցանակները ստացան Հրակ Դրօ Կիւրիւնլեան եւ Նանար Պազարպաշեան: Թ. դասարանի արաբերէնի լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Սօսէ Սեփեթճեան» մրցանակին արժանացաւ Լոռիթա Սրուրեան: Է. դասարանի ֆրանսերէնի լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Արտա Պէքէրէճեան» մրցանակը ստացան Կալի Գարամանուկեան եւ Նարեկ Շիրէճեան: Նախակրթարանի մէջ հայերէնագիտական նիւթերու լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Սօսի Մաւիսաքալեան» մրցանակին արժանացաւ Վանա Հաճի Մանուկեան: Ժ. դասարանի հայերէնագիտական նիւթերու շատ լաւ աշխատանքի եւ միութենական կեանքի մէջ աշխոյժ մասնակցութիւն ու ներդրում ունեցողի «Նժդեհ Մերտխանեան» մրցանակը ստացաւ Շուշի Գասապեան:
Մրցանակաբաշխութեան աւարտին, Փաուլա Եղիայեան յայտարարեց, որ յիշեալ մրցանակներէն բացի, Ճեմարանի շրջանաւարտ եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ Գուրգէն Գասապեանի մահուան տխուր առիթով կատարուած նուիրատուութիւններէն բաժին մը, ինչպէս նաեւ Գույումճեան եւ Յովսէփեան մրցանակներէն բաժին մը իբրեւ շնորհաւորական նուէր պիտի յատկացուին այս սերունդի իւրաքանչիւր շրջանաւարտի: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց այս մրցանակները փոխանցող Ճեմարանի բոլոր բարեկամներուն եւ շնորհաւորեց շրջանաւարտները, ծնողներն ու ուսուցիչները ու յաջողութիւն մաղթեց բոլորին, ապա փոխանցեց տնօրէնութեան խօսքը:
Ան ըսաւ. «94 տարիներէ ի վեր, Ճեմարանի ջահը կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ, իր վառ բոցերուն հետ փոխանցելով մարդկային արժէքներն ու հայ ինքնութիւնը։ Աւելի քան ինը տասնամեակներ Ճեմարանէն ծնունդ առած են հայ ուսուցիչներ ու կրթական մշակներ, հայ ազգային գործիչներ եւ այլազան մասնագիտութիւններու մէջ յաջողակ մեծաթիւ անձնաւորութիւններ։ Այսօր կը գտնուինք, Ճեմարանի 95-ամեակի սեմին, ու քիչ ետք բեմ պիտի բարձրանան 25 երիտասարդուհիներ եւ երիտասարդներ, որոնք երկար տարիներէ ի վեր Ճեմարանէն ներս հասակ տալով` պատրաստ են անցնելու իրենց կեանքի յաջորդ հանգրուանը»։ Ապա տնօրէնուհին շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց բարոյական եւ նիւթական օժանդակութիւններով, միշտ Ճեմարանի նեցուկ կանգնած մեծաթիւ Ճեմարանականներուն ու բարեկամներուն, ըլլան անոնք անհատներ, միութիւններ կամ հիմնարկութիւններ, ըլլան անոնք Լիբանանի մէջ կամ Լիբանանէն դուրս: Փ. Եղիայեան շարունակեց իր խօսքը ըսելով. «Այսօր մեր շուրջ յայտնուած են այլազան նոր մարտահրաւէրներ, նոր երեւոյթներ ու մոլութիւններ. թուայնացած ու ելեկտրոնային առօրեան կը յառաջացնէ մեր շուրջ տարբեր-տարբեր փոփոխութիւններ, որոնք շատ արագ մուտք կը գործեն մեր կեանքին մէջ ու մեր տուներէն ներս. յաճախ կը ստեղծուին կացութիւններ, ուր դժբախտաբար նոյնիսկ կը խաթարուին մարդկային արժէքները: Այս բոլորին դիմաց, հայ դպրոցը պէտք է շարունակէ մնայ կանգուն, ամուր ու ինքնավստահ իր կրթական ծրագիրներով, իր դաստիարակութեամբ եւ իր ինքնութեան ու արժանիքներու պահպանումով: Բոլորս լաւատեղեակ ենք, որ ընդհանուր գիծերու մէջ, նախորդող տարեշրջանները դիւրին չեղան, սակայն շնորհիւ Ճեմարանի ծնողներու վստահութեան ու գործակցութեան եւ մանաւանդ շնորհիւ ուսուցչական ու վարչական անձնակազմի վճռական կամքին եւ հետեւողական ու նուիրուած աշխատանքին Ճեմարանը ոչ միայն պահեց իր ինքնութիւնն ու դիրքը՝ այլեւ արձանագրեց աշակերտական թիւի աճ, նորանոր յաջողութիւններ ու նուաճումներ: Համազգայինի Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան մանկամսուրէն ներս այս տարեշրջանին ընդունեցինք աւելի քան 110 փոքրիկներ. մանկամսուրը շարունակեց իր ճոխ գործունէութիւնը եւ բծախնդիր ու գուրգուրոտ խնամք ապահովեց փոքրիկներուն: Նոյն բծախնդրութեամբ ու հետեւողականութեամբ, դպրոցի զանազան բաժիններէն ներս դասաւանդութիւննները շարունակուեցան եւ մեր կրթօճախէն ներս անպակաս եղան դաստիարակչական աշխատանքներն ու ծրագիրները: Ճեմարանը քայլ պահեց Ֆրանսական պաքալորէայի բոլոր նորութիւններուն հետ եւ ճիգ չխնայեց աշակերտական ամբողջական յաջողութիւնները իրենց բարձունքին վրայ պահելու համար: Թէեւ Լիբանանի ապահովական անկայուն վիճակը, հայրենիքի, Արցախի ու արցախահայերու կացութիւնը մեզի ընկերակցեցան մեր առօրեային մէջ ամէն վայրկեան, սակայն մեր տարեշրջանը եղաւ բեղուն եւ կրթական գործունէութեան կողքին նաեւ առաւելագոյն ձեւով զարկ տուինք աշակերտական այլազան ծրագիրներու: Կազմակերպուեցան Ճեմարանի յատկանշական Ապրիլեան քայլարշաւն ու Մայիսեան ձեռնարկը, ֆրանսախօսութեան նուիրուած աշխատանքները, գիտութեան փառատօնը, արտա-դասարանային այցելութիւններն ու պտոյտները, դասախօսութիւնները, աշխատանոցները, ժողովներն ու հաւաքոյթները: Ճեմարանը շնորհիւ Ճեմարանի մարզիկներուն պահեց նաեւ անգամ մը եւս ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄԻ ՎԱՀԱՆԸ: Դպրոցէն ներս կազմակերպուեցաւ նաեւ կալա-ընդունելութիւն մը, ուր ներկայացուեցան Ճեմարանի վերջին քանի մը տարեշրջաններու ընթացքին իրագործուած բարեզարդումներն ու բարեկարգումները եւ յայտարարուեցաւ յառաջիկայ ամիսներու նոր ծրագիրներուն մեկնարկը: Փետրուար ամսուան աւարտին կազմակերպուեցաւ նաեւ Արցախի նուիրուած յատուկ օր մը, որուն ընթացքին Ճեմարանէն ներս շնչեց ու վերապրեցաւ Արցախը իր երգերով, պարերով, բոյրով ու գոյներով, իր Մամիկով ու Պապիկով»:
Վկայականներու բաշխումէն առաջ, Փաուլա Եղիայեան խօսքը ուղղեց շրջանաւարտներուն եւ ըսաւ. «Սիրելի՛ շրջանաւարտներ, ամէն բանէ առաջ ձեզի եւ ձեր հարազատներուն կը մաղթեմ առողջութիւն եւ միտքի հանգստութիւն: Կը մաղթեմ նաեւ, որ յառաջիկայ օրերուն ֆրանսական պաքալորէայի ձեր յաջողութիւնները ուրախացնեն մեզ բոլորս, եւ այդ մէկը ըլլայ առաջինը ձեր ապագային ապահովելիք պատուաբեր նուաճումներուն՝ ուր որ գտնուիք եւ ինչ որ ալ ըլլան ձեր ընտրած մասնագիտական ուղիները: Ձեր ծնողները եղան միշտ ձեր նեցուկը. գուրգուրացին, խրատեցին, բարկացան եւ ուղղութիւն տուին ձեզի, ապրեցան ձեր ամէնօրեայ մտահոգութիւններն ու ձեռքբերումները, տխրութիւններն ու ուրախութիւնները, պարտութիւններն ու յաղթանակները: Ճեմարանի անձնակազմը ընկերակցեցաւ ձեզի դպրոցական ձեր բոլոր հանգրուաններուն եւ անհամբեր կը սպասէ ձեր ապագայ յաջողութիւններուն: Հիմա ձեր դիմաց կը բացուի կեանքի նոր էջ մը: Ֆիզիքապէս կը մեկնիք Ճեմարանէն. վստահ ենք, որ Ճեմարանական կեանքը ձեր մօտ զարգացուցած է մարդկային ընտիր արժանիքներ: Ձեր կեանքին մէջ եղէք ազնիւ ու պարկեշտ, արդարամիտ ու լայնախոհ, շրջահայեաց ու ինքնավստահ. եղէք ընկերասէր, որովհետեւ լաւ ընկերներն են, որոնք պիտի ըլլան ձեր կեանքի ճանապարհի ուղեկիցները. եղէք միշտ աշխատասէր, որովհետեւ աշխատանքն է, որ պիտի ըլլայ ձեր յաջողութեան բանալին: Եղէք միշտ աշխատասէր, որովհետեւ աշխատանքի ընթացքին է, որ պիտի հանդիպիք բոլոր այն դժուարութիւններուն, որոնք ձեզ պիտի զօրացնեն, ամրացնեն ու ձեր քայլերը դարձնեն աւելի հաստատ: Հեռու մնացէ՛ք ցուցամոլութիւններէ եւ մանաւա՛նդ փառասիրութենէ. ձեր գրաւելիք դիրքերն ու տիտղոսները չեն, որ ձեզ պիտի բարձրացնեն. ձեզ բարձրացնողները պիտի ըլլան միայն ու միայն ձեր ազնուութիւնը, պարկեշտութիւնը, աշխատասիրութիւնն ու կեցուածքը: Սորվեցէք լեզուներ եւ ծանօթացէք աշխարհին, բայց միշտ մնացէք տէրն ու պաշտպանը հայ լեզուին, պատմութեան, մշակոյթին ու աւանդութիւններուն, հայ դպրոցին ու Դատին, նոյն այն վճռականութեամբ, այնպէս ինչպէս այսօրուան բեմէն հնչեցուցիք Ռազմի Շեփորը եւ այնպէս ինչպէս տասնամեակներէ ի վեր շանթ ու կրակ Ղարաբաղցին կը հնչէ Ճեմարանի բեմերէն: Եւ վերջապէս կազմեցէք հպարտ հայ օճախներ, ու ձգտեցէ՛ք միշտ ու միշտ լաւագոյնին: Ճեմարանը ձեր տունն է, պահեցէ՛ք զայն ձեր սրտերուն մէջ, ինչպէս որ ան ձեզմէ իւրաքանչիւրը պիտի պահէ իր սրտին մէջ: Ձեզի կը մաղթեմ բարի երթ ու կանաչ ճանապարհ»:
Իր խօսքէն ետք, բեմ հրաւիրեց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանը՝ մասնակցելու վկայականներու յանձնումին։
Շրջանաւարտի վկայականներ ստացան.
Ազատեան Արէն Հայկ, Աճէմեան Սէրլա, Գույումճեան Գարին, Դարբինեան Մեղրի, Զարմէնեան Սեւակ, Թենպէլեան Հայկ, Թիւթէլեան Հրակ Ցոլակ, Թորթեան Գարին, Խոշաֆեան Սառա, Խտըրեան Արազ, Կիւրիւնլեան Հրակ Դրօ, Ղազար Քամի, Մելքոնեան Ալիք, Մեսրոպեան Սարին, Մուրատեան Նիքոլա, Յակոբեան Մարիլին, Յովակիմեան Շանթ, Նիւրբէթլեան Սինթիա, Պազարպաշեան Մովսէս, Պազարպաշեան Նանար, Սարգիսեան Ճէյմի, Վարդանեան Նարեկ, Փափազեան Ռիթա, Քէշիշեան Մելիսա, Քէշիշեան Վանեսա:
Վկայականներու բաշխումէն ետք հանդիսութիւնը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգով, որմէ ետք ներկաները շնորհաւորեցին շրջանաւարտները, եւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։