ԺԱ. ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ L.A.U ԵՒ A.U.B.

Շաբաթ, 14 Ապրիլ 2018-ին երկրորդական բաժինի ԺԱ. դասարանէն 20 աշակերտներ ներկայ գտնուեցան L.A.U.-ի «Shadowing program»-ին. իւրաքանչիւր աշակերտ իր ընտրած մասնագիտութեան համապատասխան դասանիւթերուն ներկայ եղաւ եւ «համտեսեց» հրամցուած նիւթը:

Երեքշաբթի, 17 Ապրիլին դարձեալ ԺԱ. դասարանէն 21 աշակերտներ այցելեցին A.U.B., ուր ծանօթացան տարբեր մասնագիտութիւններուն եւ շրջեցան զանազան բաժանմունքները: