Ուրբաթ, 17 Մայիս 2024-ին, միջնակարգի Թ. դասարաններու աշակերտներուն դպրոցական տարեշրջանը աւարտեցաւ։
Կէսօրուան ժամը 1։00-ին, աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Նորսիկեան մանկապարտէզի պարտէզը, ուր միասնաբար ճաշեցին, պարեցին եւ հաճելի ժամանակ անցուցին: Ապա աշակերտները մեկնեցան դպրոցէն՝ պատրաստուելու համար ամավերջի քննութիւններուն։