Ուրբաթ, 27 Ապրիլ 2018-ին, միջնակարգի Թ. դասարաններու աշակերտներուն դպրոցական տարեշրջանը աւարտեցաւ։ Կէսօրուան ժամը 1։00-ին, աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Նորսիկեան մանկապարտէզի պարտէզը, ուր միասնաբար ճաշեցին:
Հաճելի ժամ մը անցընելէ ետք, աշակերտները մեկնեցան դպրոցէն՝ պատրաստուելու համար պետական քննութիւններուն։
Յաջողութիւն կը մաղթենք բոլորին։