Թ. ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՂԻՆ ՀԵՏ

Չորեքշաբթի, 22 Սեպտեմբեր 2021-ին, միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտները հանդիպում ունեցան ընկերային ծառայողին հետ «Կարէն Խիւտավերտեան» բակին մէջ եւ արծարծեցին ընտելացումի նիւթ, մասնաւորաբար՝ երկար բացակայութենէ ետք վերադարձ դէպի առօրեայ եւ ընտելացում՝ նոր վիճակի: Զրոյցին ընթացքին շեշտը դրուեցաւ, թէ ի՛նչպէս կարելի է գտնել ներքին խաղաղութիւնը ամէն տեսակ դժուարութեան մէջ:

Զրոյցի աւարտին, աշակերտները հասան այն եզրակացութեան, որ եթէ մեր ներքին խաղաղութիւնը գտնենք, կ’ընտելանանք այդ վիճակներուն եւ կ’ընկալենք արտասովոր կացութիւնները, հետեւաբար ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս հաւասարակշռուած կեանք մը կ’ապրինք: