Թ. ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ

Կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակին, միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտները իրագործեցին բարեսիրական ծրագիր մը Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին:

Ծրագրի գործադրութիւնը ընթացաւ հետեւեալ ձեւով.

Ընկերային ծառայողը ցուցմունք տուաւ, եւ աշակերտները լծուեցան աշխատանքի: Անոնք պատրաստեցին նախագիծ մը ու ժրաջան աշխատանք տարին զբօսանքներուն, ազատ պահերուն, նոյնիսկ յետմիջօրէի ժամերու:

Աշակերտները Լ.Օ.Խ.-ի ընկերային ծառայութեան գրասենեակէն ստացան տեղեկութիւններ չորս կարիքաւոր ընտանիքներու մասին: Անոնք (թիւով 40) չորս խումբերու բաժնուեցան: Իւրաքանչիւր խումբ ստանձնեց հոգալ կարիքաւոր ընտանիքի մը պէտքերը, ինչպէս՝ ուտելիք, հագուստեղէն, նորոգութիւններ, եւայլն:

Ուրբաթ, 22 Դեկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան աշակերտները ուղղուեցան Պուրճ Համուտ, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն, ուրկէ ցուցմունք ստանալէ ետք, այցելեցին ընտանիքները, իրենց հետ տանելով ուտելիք (կաթ, շաքար, ալիւր, բրինձ, ոսպ, տուփեղէն, պտուղ, հաց, եւայլն) նաեւ՝ մաքրութեան առարկաներ: Անոնք մօտէն շփուեցան ընտանիքներուն հետ եւ անդրադարձան, թէ ո՛րքան նախնական պայմաններու մէջ կ’ապրին ու ինչքան կարիքներ ունին թէ՛ նիւթական եւ թէ բարոյական:

Աշխատանքը շարունակելի է. իւրաքանչիւր ամիս, աշակերտներու խումբէն ներկայացուցիչներ պիտի այցելեն իրենց որդեգրած ընտանիքը եւ նուէրներ պիտի տանին: Յունուար 2018-ին, անոնք դպրոց բերին հագուստեղէն եւ տան առարկաներ, որոնք կը յարմարին այդ ընտանիքներուն եւ կապուեցան «Ժպիտ» բարեսիրական խմբակին հետ, որ իր կարգին օժանդակեց չորս մեծ տուփ ուտելիք տրամադրելով:

Աշակերտներուն խանդավառութիւնը, լրջութիւնը, օգնելու կամեցողութիւնը շատ մեծ է: Անոնք գիտակից են, որ իրենց ուսումնական ծանր ծրագրին կողքին, այս պատասխանատուութիւնը վերցնելը եւս կ’ազնուացնէ իրենց հոգիները ու նիւթական օգնութենէ աւելի՝ կը սկսին փայփայել ու սիրել հոգիներ, ապագային դառնալու համար յանձնառու, նախաձեռնող եւ ազգային կեանքի մէջ ներդրում ունեցող անհատներ: