Ուրբաթ, 4 Ապրիլ 2025-ին, տարրական բաժինի Գ1 եւ Գ2 դասարաններու աշակերտները թուաբանութեան դասապահերուն թուաբանութեան մրցումի մը մասնակցեցան։ Խմբակներու բաժնուելէ ետք, անոնք 15 հանգրուաններով լուծեցին թուաբանական խնդիրներ եւ ամբողջացուցին տրամաբանութեան եւ կեդրոնացում զարգացնող հարցարաններ։ Անոնք խանդավառութեամբ եւ մեծ հաճոյքով աշխատեցան։
Մրցումի աւարտին իւրաքանչիւր աշակերտ ստացաւ հաստատագիր մը։