Երեքշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2019-ին, մենք՝ միջնակարգի Թ. դասարաններու աշակերտներս, Թարգմանչաց տօնին առիթով լսեցինք դասախօսութիւն մը լեզուի կարեւորութեան մասին, մեկնելով Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի» վէպին յառաջաբանէն, զոր կը կարդայինք ու կը վերլուծէինք:
Յայտագիրը սկսաւ լեզուի կարեւորութեան մասին Գալին Գիլէճեանի ընթերցումով, այնուհետեւ Կարին Եղիայեան բացման խօսքը կատարեց եւ ներկայացուց դասախօսը՝ Տոքթ. Արմենակ Եղեայեանը, ապա հրաւիրեց զայն, որպէսզի ներկայացնէ Խաչատուր Աբովեանը եւ անոր գործը:
Տոքթ. Եղիայեան ըսաւ, որ քանի մը անգամ փորձած է կարդալ «Վէրք Հայաստանի» գիրքը, բայց չէ կրցած աւարտել զայն, որովհետեւ Քանաքեռի բարբառով գրուած էր: Տարիներ ետք, երիտասարդ մը՝ Խաժակ Գալուստեան, իրմէ կը խնդրէ «Վէրք Հայաստանի» վէպը փոխադրել արեւմտահայերէնի, որպէսզի զայն տպեն եւ աշակերտներուն բաժնեն: Տարի մը ետք՝ 2011 թուականին, Տոքթ. Արմենակ կ’աւարտէ այս աշխատանքը:
Տոքթ. Եղիայեան մեզի ներկայացուց գրագէտը, անոր գործը եւ անդրադարձաւ բարբառներուն, որոնք զարգացած են տարբեր-տարբեր գիւղերու մէջ, բայց անհասկնալի են մեզի: Ան կեդրոնացաւ «Վէրք Հայաստանի» վէպին յառաջաբանին վրայ եւ շեշտեց Աբովեանի հայրենասիրութիւնը, լեզուի հանդէպ պաշտամունքը, հայոց լեզուի ճակատագրին հանդէպ մտահոգութիւնը, բարբառէն հրաժարելու իր որոշումը, եւ անոր հետեւանքը աշխարհաբար գրականութեան ու իր կեանքին վրայ:
Դասախօսութեան աւարտին կարկանդակի հիւրասիրութեամբ նշեցինք Խաչատուր Աբովեանի ծննդեան 210-ամեակը: Շատ հետաքրքրական դասախօսութիւն մըն էր, բոլորս անհամբեր ենք կարդալու «Վէրք Հայաստանի» վէպը:
Անժելինա Դարբինեան
Թ. դասարան