ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆՔ

Շաբաթ, 10 Հոկտեմբեր 2015-ին, երկրորդական բաժինի ԺԱ. դասարանի աշակերտներէն՝ Սանան Թապաքեան, Սէրուժ Յովսէփեան, Նարօտ Սերուժեան, Բալիկ Ծատուրեան, Կայա Գարամինասեան եւ Բալիկ Տէր Խաչատուրեան մասնակցեցան USJ-ի կազմապերպած աշակերտական թարգմանութեան մրցանքին՝ արաբերէն, ֆրանսերէն կամ անգլերէն լեզուներով: Աշակերտները ըստ իրենց նախընտրութեան կատարեցին տուեալ աշխատանքը: Անոնք աւարտին ստացան յիշեալ մասնագիտութեան վերաբերող տեղեկատուական գրքոյկներ, ինչպէս նաեւ ծանօթացան համալսարանին ու կառոյցին եւ փորձառութիւն շահեցան: Նարօտ Սերուժեան ԺԱ. դասարան