ԹԱՏՐՈՆԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐ

Երկուշաբթի, 27 Մարտ 2017-ին, Ճեմարան այցելեց Երեւանի Տիկնիկային թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար եւ տնօրէն, Երեւանի թատրոնի եւ շարժապատկերի պետական հիմնարկի «Դերասանի վարպետութեան եւ բեմադրութեան» ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Ռուբէն Բաբայեան: Ան տնօրէնութեան հետ հանդիպումէ մը ետք, շրջեցաւ դպրոցէն ներս եւ  դիտեց զբօսանքին տեղի ունեցած աշակերտական կարճ բայց տպաւորիչ ներկայացումները:

Աւարտական դասարանի աշակերտներս պատիւը ունեցանք ամբողջ դասապահ մը անցընելու փրոֆ. Ռուբէն Բաբայեանի հետ: Ան նախ շնորհաւորեց թատրոնի միջազգային օրը, որովհետեւ անիկա միայն չի վերաբերիր դերասանին կամ բեմադրիչին, քանի որ ներկայացումը առանց հանդիսատեսին իմաստ չունի: Ան ըսաւ, որ թատրոնը չէ ստեղծուած պարզ ժամանցի համար, որովհետեւ մարդկային շփումներ կը ստեղծէ եւ կը զարգացնէ մեր զգացումները: Շարունակելով, ան ըսաւ որ թատրոնը շատ կենդանի ու փոփոխական է. իւրաքանչիւր սերունդ ունի իր պահանջները եւ մօտեցումները թատրոնի հանդէպ: Ան խօսեցաւ, թէ ի՛նչպէս ուրիշ մշակոյթներու հետ շփուելով մենք կը հարստացնենք մեր թատրոնը ու կը զարգանանք: Ապա աւելցուց, որ ներկայիս, Հայաստանի մէջ կան բաւական երիտասարդ բեմադրիչներ եւ դերասաններ, որոնք կ’ուզեն թատրոնին տալ նոր դէմք: Ան նշեց, որ փոփոխութիւնը բոլոր մարզերուն մէջ անհրաժեշտ ու բնական է:  Խօսելով մշակոյթի կարեւորութեան մասին, զայն ամուր յենարան նկատեց իւրաքանչիւր անհատի համար: Ան աւարտեց ըսելով, որ թատրոնը ամէնէն ժամանակակից արուեստներէն մէկն է, որ իր մէջ կը պարունակէ բոլոր արուեստները. անոր մէջ ամէնէն կարեւորը մարդն է:

Նարօտ Սերուժեան

ԺԲ. դասարան