Հինգշաբթի, 30 Նոյեմբեր 2022-ին նախակրթարանի աշակերտները ներկայացուցին թատրոնի դասապահերուն իրենց պատրաստած թատերախաղերը: Ներկայացումը նուիրուած էր Լիբանանի անկախութեան 79-րդ ամեակին:
Բեմին վրայ, Դ. դասարանի 8 աշակերտներ դասարանին մէջ կը զրուցեն իրենց ուսուցչուհիին հետ, հետեւեալ նիւթերուն մասին. Ի՞նչ կը նշանակէ անկախութիւն եւ ի՞նչ է անոր ազդեցութիւնը ժողովուրդին վրայ, լիբանանահայերուս պարագային՝ ի՞նչ է մեր հպատակութիւնը եւ ազգութիւնը, լաւ քաղաքացի ըլլալու կարեւորութիւնը եւ անկախութիւնը պահպանելու ձեւերը: Աշակերտները սրամիտ կատակներով հարցեր կու տան ուսուցչուհիին եւ կը ստանան դաստիարակիչ պատասխաններ:
Ե. դասարանի տասը նախարարներ կը ներկայանան Ճեմարանի ռատիոկայան, ուր իրենց կը սպասէ հաղորդավարը: Անոնք կը խօսին երկրի յառաջդիմութեան եւ բարօրութեան նպաստող իրենց նոր ծրագիրներուն մասին: Անոնք հպարտօրէն կը կատարեն իրենց մենախօսութիւնները, ու հաղորդավարը շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք կը հաստատէ, որ «Բոլորս ձեռք-ձեռքի պիտի վերակառուցենք Լիբանանը: Լիբանան դարձեալ պիտի փայլի, ու այն ատեն պիտի զգանք իսկական անկախութիւնը»:
Զ. դասարանէն տարեց զոյգ մը նստած հեռատեսիլին դիմաց կը դիտեն Լիբանանի անկախութեան տօնակատարութիւններ: Լուրերու հաղորդավարը կը տեղեկացնէ անցուդարձերը եւ կարծիքներ կ’առնէ թէ՛ ժողովուրդէն եւ թէ կառավարութեան անդամներէ: Կը խօսուի Լիբանանի ներկայ տագնապներուն եւ անլուծելի հարցերուն մասին: Կինը կ’անջատէ հեռատեսիլը ըսելով, որ անիմաստ խօսքեր են, եւ այսպէս պիտի շարունակուի լիբանանցիին դժուար առօրեան: Ամուսինը խրախուսական խօսքեր կ’ըսէ ու կը հաւատայ, որ այսպիտի յայտագիրներ դաստիարակիչ են, ու օր մը անպայման ձայները լսելի կը դառնան: Ան լաւատես հայեացքով մը կնոջ կը նայի ու կը մաղթէ, որ ամէն բան լաւ ըլլայ:
Աշակերտական այս ներկայացումը արժանացաւ ներկաներուն բուռն ծափահարութեան եւ գնահատանքին:
