Երկուշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2012-ին, Ը. դասարաններու աշակերտները՝ հայերէնի պահուն, խմբային աշխատանքով ուսումնասիրեցին եւ ներկայացուցին Արցախի պատմական հոլովոյթը։ Աշակերտները վերլուծեցին «Թարթառ» դասի բովանդակութիւնը՝ գիւղացի աղջկան եւ Թարթառ գետի միջոցով թելադրուած ինքնապաշտպանութիւնը։ Աննուաճելի բնութեան մէկ այլ պատկերն է գիւղացի աղջիկը, որ շաղուած է հողին։ Այնուհետեւ աշակերտները համեմատեցին Արցախի բնութիւնն ու ըմբոստ ժողովուրդին նկարագիրը։ Անոնք քարտէսներով ու պատկերներով ներկայացուցին Արցախի կլիման եւ աշխարհագրութիւնը, շեշետելով անոր դիրքին ազդեցութիւնը ժողովուրդի նկարագրի կազմաւորման մէջ։
Ը. ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԽՄԲԱՅԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
