Մայիս ամսուան ընթացքին ընկերային ծառայութեան գրասենեակը կազմակերպեց բռնադատումի դէմ արշաւ մը միջնակարգի աշակերտներուն հետ: Ընկերային ծառայող Սիլվա Սողոմոնեան Է., Ը. եւ Թ. դասարաններու աշակերտներուն հետ արծարծելէ ետք «ընկերասիրութեան կարեւորութիւնը» նիւթը, իբրեւ խմբական աշխատանք աշակերտներուն յանձնարարեց այդ նիւթով պաստառներ եւ կարճ տեսերիզներ պատրաստել: Աշակերտները կատարեցին աշխատանքները, որոնք ցուցադրուեցան յատուկ ձեռնարկի մը ընթացքին:
Ձեռնարկը վարեցին «Ճինիշեան» հաստատութենէն ընկերային ծառայողներ Ծովակ Քէօշկերեան եւ Ճեսի Պաժին: Անոնք միասնաբար դիտեցին աշակերտներուն պատրաստած աշխատանքները եւ շատ հետաքրքրական զրոյց մը վարեցին, խօսեցան ընկերասիրութեան մասին եւ զանազան խաղերու ընդմէջէն շեշտեցին անոր կարեւորութիւնը:
