ԸՆԿԵՐԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆՀԱՏԻ ՄԸ ԿԱԶՄԱՒՈՐՄԱՆ ՄԷՋ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Չորեքշաբթի, 7 Մայիս 2025-ին, Ճեմարանի շրջանաւարտ Արմէն Արեւեան հետաքրքրական հանդիպում մը ունեցաւ միջնակարգի եւ Ժ. դասարանի աշակերտներուն հետ:
Այս հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցաւ «ընկերասիրութեան կարեւորութիւնը անհատի մը կազմաւորման մէջ» նիւթը, ինչպէս նաեւ՝ վատ վարուելակերպի (bullying) ժխտական ազդեցութիւնը անհատի մը վրայ: Աշակերտները անձնական օրինակներ տուին եւ լուսաբանութիւններ ստացան: