ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄ

Նոյեմբեր ամսուն եւ Դեկտեմբեր ամսուան սկիզբը ընկերային կազմաւորման ծրագրի ծիրէն ներս, ընկերային ծառայութեան գրասենեակին գործադրած ծրագիրները.

Տարրական բաժինի Ա. եւ Բ. դասարաներու աշակերտներուն «Մարմինի ընդհանուր առողջապահութիւն եւ մաքրութիւն» նիւթը ներկայացուց դպրոցի հիւանդապահուհին՝ Թալին Ստեփան:

Ա., Բ., Գ.  եւ Դ. դասարաններու աշակերտներուն «Բռնադատումը» նիւթը գործնական տարբեր աշխատանքներու միջոցով ներկայացուցին ընկերային ծառայողներ՝ Սիլվա Սողոմոնեան եւ Արին Սողանճեան:

Նախակրթարանի Ե., Զ.. եւ միջնակարգի աշակերտներուն նոյնպէս ներկայացուեցաւ «Բռնադատումը» նիւթը հոգեբան Հուրի Լոճիկեանի կողմէ, հետեւեալ ձեւով.

Ե. դասարան՝           Ի՞նչ է Բռնադատումը եւ ընկերութիւններու տեսակները

Զ. դասարան՝            Ի՞նչ է Բռնադատումը (պայմանագիր պատրաստել եւ ստորագրել)

Է. դասարան՝            Ի՞նչ է Բռնադատումը եւ «cyber bullying»:

Ը. դասարան՝            Բռնադատումը եւ համացանցի վտանգները:     

Թ. դասարան՝           Ի՞նչ է Բռնադատումը եւ ընկերութիւններ մշակել համացանցի վրայ: 

Տոքթ. Ռիթա  Շէօհմէլեան Ժ. դասարանի աշակերտներուն հետ արծարծեց «Զգացական հաւասարակշռութիւն եւ սեռականութիւն» նիւթը, իսկ ԺԱ. դասարաններու աշակերտներուն հետ՝ «Մտային եւ զգացական առողջութիւն, սեռականութիւն  եւ սէր»: