ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՂՆ ՈՒ ՀՈԳԵԲԱՆԸ՝ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Ուրբաթ, 17 Սեպտեմբեր 2021-ին, վերամուտի առիթով, դպրոցի ընկերային ծառայողն ու հոգեբանը տեսակցեցան աւարտական դասարանի աշակերտներուն հետ եւ արծարծեցին «ինքզինք լաւ ճանչնալ» նիւթը: Ապա անդրադարձան ներքին եւ արտաքին մղումներու, որոնք կ’օգնեն անհատին աւելի հանգիստ աշխատելու եւ արտադրելու: Խօսուեցաւ նաեւ կեանքի դժուար պայմաններու ատեն ընտելացումի մասին։
 
Աշակերտները մասնակցեցան զրոյցին եւ արտայայտեցին իրենց կարծիքները՝ յոյսի տեսլականով ու ճեմարանականի ոգիով առաջնորդուելու դէպի նոր հանգրուան: