Երկուշաբթի, 9 Ապրիլ 2012-ին տեղի ունեցան Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան-գրատարածի կազմակերպած մանկապատանեկան գիրքերու եւ դաստիարակչական խաղերու ցուցահանդէսի փակման հանդիսութիւնը եւ ընթերցանութեան ու գիրքի պատրաստութեան մրցանակաբաշխութիւնները: Գիրքի պատրաստութեան մրցանքին միջնակարգի Է. եւ Թ. դասարանի աշակերտները տիրացան Ա. մրցանակին, իսկ Ը. դասարանի աշակերտները՝ Բ. մրցանակին։ Ստորեւ Ճեմարանի ընթեցանութեան մրցանքի մրցանակակիր աշակերտներուն անունները. Հայերէն լեզուով ընթերցանութեան Դ. դասարանէն Խաչատուրեան Ռուբէն հանդիսացաւ երրորդ, Ե. դասարանէն Մուրատեան Ռիթա՝ առաջին, իսկ Զ. դասարանէն Լոռի Գորեսեան՝ առաջին եւ Նանի Գալուստեան՝ երկրորդ։ Ֆրանսերէն լեզուով ընթերցանութեան Դ. դասարանէն Գրիգորեան Արի-Յարութիւն հանդիսացաւ առաջին եւ Նաճարեան Արման՝ երրորդ, Ե. դասարանէն Փաչանեան Պեթի՝ երկրորդ, իսկ Զ. դասարանէն Մէյրի Գրիգորեան եւ Լալէ Չափարեան՝ առաջին, Արիանէ Թասլաքեան եւ Սեւակ Եահնիյեան՝ երրորդ։
ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԳԻՐՔԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐ
