Երկուշաբթի, 11 Ապրիլ 2022-ին, Ճեմարան այցելեցին Հայկազեան համալսարանի ուսանողական հարցերու բաժինի հրաւէրով Լիբանան ժամանած Յովհաննէս Շարամբէեանի անուան ժողովրդական ստեղծագործութիւններու թանգարանէն հայկական գորգերու եւ զարդանախշերու երկու մասնագէտներ՝ թանգարանի փոխտնօրէն Գայիանէ Ասլանեանը եւ գորգագործուհի Աննա Մանուկեանը։ Անոնք հետաքրքրական աշխատանոց մը վարեցին Միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտներուն հետ:
Առաջին հերթին, անոնք աշակերտներուն ներկայացուցին հայկական գորգերու տեսակներու եւ անոնց մէջ օգտագործուող զարդանախշերու մասին զեկոյց մը, ապա աշակերտներուն բաժնեցին իրենց հետ բերած զարդանախշերու փայտեայ նմուշները, որպէսզի գունաւորեն եւ ունենան իրենց անձնականացուած զարդանախշի նմուշը:
Աշխատանոցի աւարտին մասնագէտներն ու աշակերտները նկարուեցան խմբանկար մը:
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Հայկազեան համալսարանի եւ Յովհաննէս Շարամբէեանի անուան ժողովրդական ստեղծագործութիւններու թանգարանի տնօրէնութիւններուն՝ այս գեղեցիկ եւ օգտաշատ նախաձեռնութեան համար:
Է. ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՈՒՆԵՑԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳՈՐԳԵՐՈՒ ԶԱՐԴԱՆԱԽՇԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑ ՄԸ
