Պարոյր Սեւակի «Էրեբունի-Երեւան» բանաստեղծութիւնը եւ Երեւան քաղաքի պատմութիւնը ուսումնասիրելէ ու սերտելէ ետք, Ը. դասարանի աշակերտները ձեռնարկեցին հետաքրքրական խոյզերու։ Անոնք ներկայացուցին Երեւանի գլխաւոր տեսարժան վայրերը, պատմամշակութային կոթողները, ճարտարապետական նշանաւոր կառոյցները եւ քաղաքի ինքնատիպ խորհրդանիշները։
Իւրաքանչիւր ներկայացում կարծես պատուհան մը բացաւ դէպի Հայաստանի մայրաքաղաքը։ Աշակերտները մեծ ոգեւորութեամբ եւ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան իրենց ընկերներուն աշխատանքներուն: Դասարանը վերածուած էր փոքրիկ ճամբորդութեան մը. կարծես Երեւանը հրաւիրած էր աշակերտները՝ շրջագայելու, տեսնելու եւ զգալու մայրաքաղաքի շունչը։
Խոյզերը ոչ միայն հարստացուցին անոնց գիտելիքները, այլեւ աւելի սերտ կապ ստեղծեցին հայրենիքի պատմութեան, մշակոյթին եւ ազգային արժէքներուն հետ։
