Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ ամեակին առթիւ, Երկուշաբթի 11 Ապրիլ 2022-ին, Նախակրթարանի Զ. դասարանի աշակերտները պատրաստեցին եւ ներկայացուցին Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած խմբային տարբեր աշխատանքներ: Անոնք անդրադարձան նահատակ գրագէտներուն, ինքնապաշտպանական հերոսամարտերուն, ինչպէս նաեւ ներկայացուցին ցեղասպանութեան նուիրուած երգերը, ֆիլմերը եւ Լիբանանի ու աշխարհի տարածքին գտնուող յուշակոթողները: Աշակերտները հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցին ու դիտեցին իրենց դասընկերներուն կողմէ պատրաստուած հեռարձակումները:
Զ. ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ
