ԶՐՈՅՑ-ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Հինգշաբթի 12 Նոյեմբեր 2026-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, տեղի ունեցաւ զրոյց դասախօսութիւն մը միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու ծնողներուն ներկայութեամբ:

«Արհեստագիտական աշխարհը եւ մեր զաւակներուն առօրեան» խորագրով նիւթը արծարծեցին Հայկազեան համալսարանի դասախօսներ Դոկտ. Շաղիկ Գանտահարեան Խիւտավերտեան (Assistant professor in social & behavioral sciences) եւ Դոկտ. Շանթ Ստեփան (Lecturer / coordinator of computer sciences): Անոնք անդրադարձան ժամանակակից մարտահրաւէրներուն եւ նոր սերունդին վրայ արհեստագիտական նորութիւններու ազդեցութեան:

Աւարտին, ներկաները հարցումներ ուղղեցին դասախօսներուն եւ գոհունակութեամբ մեկնեցան դպրոցէն: