ԶՐՈՅՑ-ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ – Ի՞ՆՉՊԷՍ ՏԻՊԱՐ ՔԱՂԱՔԱՑԻ ԸԼԼԱԼ

Ուրբաթ, 24 Մարտ 2023-ին, կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, Ճեմարանի շրջանաւարտ եւ վարչական պատասխանատու Դաւիթ Գազանճեան նախակրթարանի Զ. դասարանի աշակերտներուն հետ արծարծեց կեանքի հմտութիւններ եւ ընկերային կազմաւորման ծրագրի նիւթերէն «Ի՞նչպէս տիպար քաղաքացի ըլալ» նիւթը: